Ստորագրուեցաւ «Հռոմի յայտարարութիւնը»՝ կորիզային զէնքերու եւ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ յանձնառութիւն մը.
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հռոմի քաղաքապետարանին մէջ 16 յուլիսին ստորագրուեցաւ «Խաղաղութեան մը համար՝ զինաթափուած եւ զինաթափող Հռոմի յայտարարութիւնը», որ կը վերաբերի արհեստական բանականութեան, կորիզային եւ ինքնավար զէնքերու, նոր թուային համակարգերու ու ապագայի զարգացման տիպարներու։ Վաւերագիրին տակ ստորագրած են Նոպէլեան մրցանակակիրներ, միջազգային համբաւ ունեցող գիտնականներ եւ մասնագէտներ, կրօնական առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ նախկին պետութեան ու կառավարութեան ղեկավարներ։
Յայտարարութիւնը կը հանդիսանայ աւարտը «Արհեստական բանականութեան եւ կորիզային պատերազմի մասին Նոպէլեան մրցանակակիրներու համաշխարհային համագումարին», որ տեղի ունեցած էր Վատիկանի «Պորկօ Լաուտատօ Սի» վայրին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած էին մարդկութեան առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրները՝ յատկապէս արհեստական բանականութեան արագ զարգացումը եւ կորիզային սպառնալիքները։
Յայտարարութեան առաջին տողերը կը շեշտեն, որ «մարդկութիւնը կը գտնուի իր պատմութեան վճռորոշ հանգրուանին»։ Ստորագրողները կը նշեն, որ արհեստական բանականութիւնը մեծ կարելիութիւններ կը ստեղծէ գիտութեան, բժշկութեան եւ հասարակութեան զարգացման համար, սակայն ան կրնայ նաեւ պատճառ դառնալ զանգուածային գործազրկութեան, տնտեսական անհաւասարակշռութիւններու խորացման եւ իշխանութեան կեդրոնացման՝ փոքրաթիւ պետութիւններու ու մեծ ընկերութիւններու ձեռքը։
Փաստաթուղթը կը զգուշացնէ, որ կորիզային սպառազինութեան նոր մրցավազքը զուգահեռ կ’ընթանայ արհեստական բանականութեան վտանգաւոր մրցավազքին հետ։ ԸնդունելովԼեւոն ԺԴ. քահանայապետին կոչը՝ հետապնդելու «զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութիւն», ստորագրողները կը մերժեն այն գաղափարը, թէ անվտանգութիւնը պէտք է հիմնուի վախի, սպառնալիքի եւ փոխադարձ ոչնչացման վրայ։
Մարդկութեան շահին ծառայող արհեստական բանականութիւն
Վեց կէտերէ բաղկացած յայտարարութիւնը կոչ կ’ընէ կանխելու արհեստական բանականութեան եւ կորիզային զէնքերու նոր սպառազինութեան մրցավազքը՝ նախքան անոնք որոշեն գալիք դարու ճակատագիրը։
Մասնագէտներուն եւ կառավարութիւններուն կը յորդորուի արհեստական բանականութեան զարգացումը առաջնորդել մարդկութեան շահերով՝ յարգելով միջազգային իրաւունքը եւ մարդու իրաւունքները։ Առանձնայատուկ շեշտ կը դրուի ամբողջովին ինքնավար համակարգերու վերահսկման անհրաժեշտութեան վրայ։
Յայտարարութիւնը կը պահանջէ միջազգային պայմանագիր մը, որ արգիլէ արհեստական բանականութեան անպատասխանատու օգտագործումը կորիզային զէնքերու հրամանատարութեան, վերահսկման եւ արձակման համակարգերուն մէջ։ «Կորիզային զէնք գործածելու վերջնական որոշումը երբեք պէտք չէ վստահուի ինքնաշխատ համակարգի մը», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ։
Միաժամանակ կոչ կ’ուղղուի արհեստական բանականութիւնը զարգացնելու պատասխանատու կերպով՝ նպաստելու բժշկական եւ գիտական յառաջընթացին, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, հասարակութիւններու դիմադրողականութեան եւ համընդհանուր բարիքի ամրապնդման։
Թուային հասարակաց բարիք
Յայտարարութեան հեղինակները կը շեշտեն նաեւ համաշխարհային կառավարման նոր մեքանիզմներու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը՝ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ։ Անոնք կը պաշտպանեն «թուային հասարակաց բարիք»ի գաղափարը՝ նպաստելու գիտելիքի, տուեալներու եւ փորձառութիւններու փոխանակման։
Ստորագրողները կը զգուշացնեն, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ սպառնալիքներ իրարու կապուած են, իսկ անոնց հետեւանքները յաճախ կը կրեն այն մարդիկ, որոնք չունին անհրաժեշտ մուտք կամ վերահսկողութիւն այդ վտանգները ստեղծող արհեստագիտութիւններու նկատմամբ։
Կոչ՝ ամբողջական կորիզային զինաթափման
Յայտարարութեան վերջին բաժինը շեշտը կը դնէ կորիզային զէնքերու ամբողջական, ստուգելի եւ անդառնալի վերացման անհրաժեշտութեան վրայ։ Կոչ կ’ուղղուի պետութիւններուն՝ վերսկսելու բանակցութիւնները եւ հաւատարիմ մնալու Կորիզային զէնքերու չտարածման պայմանագիրին (TNP) եւ Կորիզային զէնքերու արգելման պայմանագիրին (TPNW)։
Ստորագրողները կը պահանջեն, որ կորիզային զէնք ունեցող պետութիւնները մշակեն քաղաքականութիւններ, որոնք աստիճանաբար կը նուազեցնեն այդ զէնքերու դերը, կը զօրացնեն ռազմավարական կայունութիւնը եւ կը պակսեցնեն առաջին օգտագործման ու աղէտալի պատերազմի վտանգը։
«Խնդիրը կը վերաբերի մեր գոյութեան եւ ապագայ սերունդներու գոյութեան», կը նշուի «Հռոմի յայտարարութեան» վերջնական ուղերձին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.