Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի հովուական այցելութիւնը Եթովպիա
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Եթովպիա՝ զօրակցելու եւ քաջալերելու համար ալեքսանդրեան ծէսի եթովպական կաթողիկէ Եկեղեցին։
Ատտիս Ապեպայի մէջ ան հանդիպում ունեցած է Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ապունէ Մաթիաս Պատրիարքին հետ, որուն հետ քննարկած է աշխարհի խաղաղութեան հարցը, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եւ եթովպական ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ հաշտութեան եւ կայունութեան։
Այնուհետեւ ան մեկնած է Թիկրէյի շրջան, ուր այցելած է պատմական Ալ-Նեժաշի մզկիթը։ Իսլամութեան այս կարեւոր սրբավայրը կը յիշատակէ այն հիւրընկալութիւնը, որ ցուցաբերուեցաւ Արաբիայէն փախած առաջին իսլամներուն։ Այս այցելութիւնը ընդգծած է միջկրօնական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան արժէքը։
Ատիկրատի մէջ Ծիրանաւորը մասնակցած է տեղական կաթողիկէ մայր եկեղեցւոյ տօնակատարութեան՝ շրջանի մը մէջ, որ տակաւին կը կրէ 2020-2022 թուականներու պատերազմի հետեւանքներու դրոշմը՝ աւերածութիւններով, մարդկային տառապանքներով եւ տնտեսական դժուարութիւններով։
Այցելութիւնը պիտի շարունակուի Պահիրտար-Տեսիէի եւ Էմետեպերի թեմերուն (էպարխիա) մէջ եւ պիտի աւարտի յունիս 12-ին՝ Եթովպիոյ Եպիսկոպոսաց Համաժողովի բոլոր եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումով մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ