«Սինոդականութեան սինոդ». Մայրցամաքային պատասխանատուները Հռոմի մէջ կը նախապատրաստեն 2027-2028-ի վեհաժողովները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ժողովրդավարութեան եւ համատեղ որոշումներու կայացման ուղղուած «Սինոդականութեան Սինոդ»-ի ԺԶ. սովորական ընդհանուր վեհաժողովի (Հոկտեմբեր 2024) աւարտէն ետք, Եկեղեցին պաշտօնապէս թեւակոխած է գործադրութեան փուլ, որուն հանգրուանները պիտի յստականան 2027-2028 թուականներու եկեղեցական վեհաժողովներուն ընթացքին։ Այս ծիրէն ներս, Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան նախաձեռնութեամբ, Յունիս 23-էն 25-ը Հռոմի մէջ կը մեկնարկեն մայրցամաքային մարմիններու ղեկավարներու աշխատանքային հանդիպումները։
Այս եռօրեայ հաւաքին պիտի մասնակցին Լատին Ամերիկայի, Ափրիկէի, Ասիոյ, Եւրոպայի, Օվկիանիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մայրցամաքային կառոյցներու (CELAM, SECAM, FABC, CCEE, FCBCO եւլն) պատասխանատուներն ու սինոդական խմբակներու համակարգողները։ Աշխատանքները պիտի ընթանան վերջերս լոյս տեսած «Դէպի 2027-2028-ի Վեհաժողովները. Նախապատրաստութեան Հանգրուաններ, Չափանիշներ եւ Գործիքներ» ուղեցոյցի լոյսին տակ։
Հանդիպումներու գլխաւոր նպատակն է լսել Սինոդի Եպիսկոպոսաց Վեհաժողովի եզրափակիչ փաստաթուղթի գործադրման ընթացքը, փոխանակել տեղական փորձառութիւնները եւ մատնանշել այն հասարակաց խնդիրները, որոնք համատեղ խորացման կարիք ունին։ Լիագումար նիստերու եւ աշխատանքային խմբակներու միջոցով յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի տեղական եկեղեցիներու ընկերակցութեան եւ հաղորդակցութեան դերին։
Յառաջիկայ վեհաժողովներու նախապատրաստական այս կարեւոր հանգրուանը պիտի պսակուի Հնգշաբթի, 25 Յունիսի յետմիջօրէին, երբ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ մասնակիցներուն հետ եւ անձամբ պիտի զրուցէ անոնց հետ՝ նախքան ժողովի փակումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.