2026.03.17 Onu New York

Հակամարտութիւններու ընթացքին միշտ պէտք է պաշտպանուին մանուկներու կեանքն ու ապագան․ Սուրբ Աթոռ

Նիւ Եորքի մէջ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի՝ մանուկներու եւ զինուած հակամարտութիւններու նուիրուած հրապարակային քննարկման ընթացքին, Սուրբ Աթոռի Մշտական Դիտորդի Առաքելութիւնը յորդորած է հակամարտութեան բոլոր կողմերուն երաշխաւորել մանուկներուն պաշտպանութիւնը։ Մտահոգութիւն յայտնուած է նաեւ անօդաչու եւ արհեստական բանականութեամբ օժտուած զինատեսակներու գործածութեան ողբերգական հետեւանքներուն նկատմամբ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Միջազգային համայնքը «պէտք չէ թերանայ զինուած հակամարտութիւններէն տուժած մանուկներու կեանքը, արժանապատուութիւնն ու ապագան պաշտպանելու իր պարտականութեան մէջ»։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի Մշտական Դիտորդի Առաքելութիւնը՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին առջեւ, մանուկներու եւ զինուած ընդհարումներու նուիրուած հրապարակային քննարկման ընթացքին, որ տեղի ունեցած է 25 Յունիսին, Նիւ Եորքի մէջ։

Երաշխաւորել մանուկներուն շնորհուած յատուկ պաշտպանութիւններուն յարգումը

Սուրբ Աթոռը կոչ կ’ընէ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն՝ լիովին յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ պաշտպանելու մարդկային հիմնական իրաւունքները՝ երաշխաւորելով, «որ երեխաներուն ճանչցուած յատուկ պաշտպանութիւնները յարգուին ամէն պարագայի»։ Առաքելութիւնը կ’ընդգծէ Պետութիւններու պատասխանատուութիւնը՝ «քաղաքացիական անձերը ռազմական գործողութիւններու հետեւանքներէն պաշտպանելու եւ մանուկներու դէմ գործուած ծանր խախտումներու համար պատասխանատուութիւնը խստացնելու գործին մէջ»։

Փաստագրուած է մանուկներու պաշտպանութեան խախտումներու աճը

Սուրբ Աթոռի Առաքելութիւնը կը նշէ, որ Գլխաւոր Քարտուղարի վերջին Զեկոյցը «յուսահատական պատկեր մը կը ներկայացնէ զինուած հակամարտութիւններու մէջ մանուկներու կրած անհամաչափ տառապանքներուն մասին։ Ծանր խախտումներու փաստագրուած աճը կ’ընդգծէ միջազգային հանրութեան կողմէ իր ջանքերը սաստկացնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ պատերազմի ամենախոցելի զոհերը պաշտպանելու համար»։

Կը շարունակուի երեխաներու զինուորագրումը, չարաշահումը եւ առեւանգումը

Սուրբ Աթոռը «առանձնապէս մտահոգ կը մնայ մանուկներու շարունակական զինուորագրման, չարաշահման եւ առեւանգման առնչութեամբ»։ Ասոնք ծանր խախտումներ են, որոնք «երեխաները կը զրկեն իրենց մանկութենէն, զանոնք կը բաժնեն իրենց ընտանիքներէն ու համայնքներէն եւ կ’ենթարկեն բռնութեան ու շահագործման՝ ունենալով տեւական հետեւանքներ»։ Նոյնքան մտահոգիչ են «տեղահանութեան, ընտանեկան բաժանման, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ առողջապահական խնամքի ընդհատման հետեւանքները»։ Այս տառապանքները, կ’ընդգծէ Սուրբ Աթոռը, «ծանր վիրաւորանք մըն են իւրաքանչիւր երեխայի՝ Աստուծմէ տրուած արժանապատուութեան, որ արժանի է պաշտպանութեան ու խնամքի եւ երբեք չի կրնար նկատուիլ սոսկ կողմնակի վնաս՝ պատերազմի ընթացքին։

Անօդաչու զինատեսակներու համակարգերու օգտագործումը

Մէջբերելով Լեւոն ԺԴ. Պապի «Magnifica Humanitas» Շրջաբերականը, ուր կը հաստատուի, թէ «ամէն արհեստագիտութիւն, որ կը դիւրացնէ յարձակումները՝ առանց տեսնելու մարդկային արարածներու դէմքը, կը նուազեցնէ հակամարտութեան բարոյական շեմը» (թիւ 199), Սուրբ Աթոռի Առաքելութիւնը իր յաւելեալ մտահոգութիւնը կը յայտնէ «ռազմական գործողութիւններու մէջ նորայայտ արհեստագիտութիւններու աճող համալրման» առնչութեամբ՝ մեկնաբանելով, որ մարդոց որոշումներու կայացման գործընթացներուն սատար հանդիսանալով հանդերձ, արհեստագիտութիւնը «չի կրնար երբեք փոխարինել բարոյական դատողութիւնը, պատասխանատուութիւնը» եւ հաշուետու ըլլալու պարտաւորութիւնը, «որոնք պէտք է ուղեկցին մարդկային կեանքին առնչուող որոշումներուն»։

Յարել քաղաքացիական անձերու պաշտպանութեան Հռչակագիրին

Յանուն վերոնշեալ նպատակներու, իբրեւ եզրակացութիւն, Սուրբ Աթոռը կը քաջալերէ Պետութիւնները՝ «յարելու բնակեցուած տարածքներու մէջ պայթուցիկ զէնքերու օգտագործումէն յառաջացած մարդասիրական հետեւանքներէն քաղաքացիական անձերու պաշտպանութեան ամրապնդման վերաբերեալ քաղաքական Հռչակագիրին»։ Միջազգային հանրութիւնը «պէտք չէ թերանայ զինուած հակամարտութիւններէն տուժած երեխաներու կեանքը, արժանապատուութիւնն ու ապագան պաշտպանելու իր պատասխանատուութեան մէջ։ Անոնց տառապանքներուն տրուած պատասխանը ցուցանիշ մը պիտի ըլլայ թէ՛ միջազգային իրաւունքին հանդէպ յանձնառութեան, եւ թէ՛ իւրաքանչիւր անձի՝ Աստուծմէ տրուած մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/06/2026, 08:08