Սուրբ Աթոռը ՄԱԿ-ին մէջ․ «Միջին Արեւելքի տագնապներուն համար զինուորական լուծում գոյութիւն չունի»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած բաց քննարկման ընթացքին Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը վերահաստատեց, որ Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապներուն համար զինուորական լուծում գոյութիւն չունի եւ կոչ ուղղեց քաղաքական երկխօսութեան ու միջնորդութեան միջոցով հասնելու մնայուն խաղաղութեան։
Պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ քաղաքացիական բնակչութեան շարունակական տառապանքները, բնակարաններու եւ աղօթատեղիներու աւերումը, ինչպէս նաեւ կենսական ենթակառոյցներու վնասումն ու մարդասիրական ծանր կացութիւնը ցոյց կու տան, թէ պատերազմը չի կրնար լուծում բերել տարածաշրջանին։
Սուրբ Աթոռը կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու բռնութիւնները եւ ստեղծելու վստահելի քաղաքական հորիզոն մը, որ պիտի պատասխանէ ներգրաւուած բոլոր ժողովուրդներու օրինական ակնկալութիւններուն։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ տարածաշրջանին վրայ ազդեցութիւն ունեցող պետութիւնները յատուկ պատասխանատուութիւն ունին լարուածութեան մեղմացման եւ խաղաղ կարգաւորման աջակցելու։
Պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը պատմութեան, մշակոյթի եւ հաւատքի հարուստ բնօրրան մըն է, ուր կը գտնուի նաեւ Սուրբ Երկիրը՝ Երուսաղէմով, որ սրբազան նշանակութիւն ունի քրիստոնեաներուն, հրեաներուն եւ մահմետականներուն համար։ Սակայն այսօր շրջանը կը շարունակէ տառապիլ բռնութենէ, վախէն եւ մարդկային դժբախտութիւններէ։
Յղում կատարելով Լեւոն ԺԴ. Պապի խօսքերուն՝ պատուիրակութիւնը նշեց, որ զէնքերը կրնան միայն ժամանակաւոր լռութիւն պարտադրել, բայց երբեք չեն կրնար կառուցել իսկական եւ տեւական խաղաղութիւն։
Ելոյթին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ կանխարգելիչ դիւանագիտութեան եւ միջնորդութեան։ Ըստ Սուրբ Աթոռին, երկխօսութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն, քաղաքական քաջութիւն եւ յանձնառութիւն, սակայն անոր բացակայութեան գինը շատ աւելի ծանր է։ Միջնորդութիւնը ոչ միայն ճգնաժամերու կառավարում է, այլ նաեւ վստահութեան վերականգնման եւ յարաբերութիւններու վերաշինութեան գործընթաց։
Պատուիրակութիւնը նաեւ շեշտեց, որ քաղաքական որեւէ լուծում պէտք է մարդը դնէ իր կեդրոնը։ Խաղաղութիւնը չի պահպանուիր միայն հաստատութիւններու միջոցով, այլ նաեւ վստահութիւն, համերաշխութիւն եւ յոյս ունեցող համայնքներու մասնակցութեամբ։ Այդ պատճառով անհրաժեշտ է շարունակել աջակցիլ ՄԱԿ-ի այն կառոյցներուն, որոնք կրթական, առողջապահական եւ մարդասիրական ծառայութիւններ կը մատուցեն տեղահանուածներուն ու փախստականներուն։
Անդրադառնալով շրջանի ներկայ ճգնաժամերուն՝ Սուրբ Աթոռը պահանջեց անմիջապէս վերջ տալ Լիբանանի մէջ շարունակուող ռազմական սրացման, ուշադրութիւն դարձնել Իրանի կացութեան, լուծում գտնել Կազայի մարդասիրական աղէտին եւ յառաջ մղել երկու պետութիւններու լուծման ուղին։
Եզրափակելով իր ելոյթը՝ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները արժանի են արդարութեան, անվտանգութեան, հաշտեցման եւ յոյսի վրայ հիմնուած ապագայի, այլ ոչ թէ անվերջ կրկնուող ճգնաժամերու եւ պատերազմներու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.