Արհեստական բանականութեան դերը Աւետարանութեան Մէջ Գիտաժողով՝ Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանին Մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Արհեստական բանականութեան դերը Աւետարանչութեան աշխարհին մէջ․ մարդաբանական, հոգեւոր եւ արհեստագիտական մարտահրաւէր մը»։ Ասիկա է խորագիրը այն գիտաժողովին, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ Յունիս 13-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Քահանայապետական Գրիգորեան Համալսարանի «Աուլա Մանսիա» սրահին մէջ։
Այս հանդիպումը, որ կազմակերպուած է Համալսարանին կողմէ՝ համագործակցութեամբ (Gloriosa Trinità) շարժումին եւ Սուրբ Երրորդութեան Հիմնարկին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատսչութեան հովանաւորութեամբ, պիտի համախմբէ տարբեր ուսումնականներ, մասնագէտներ եւ լրագրողներ։ Անոնք պիտի վերլուծեն Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) նիւթը՝ լոյսի տակ առնելով նաեւ Լեւոն ԺԴ․ Պապին կողմէ անցեալ Մայիս 25-ին հրապարակուած «Magnifica humanitas» շրջաբերական նամակը։
Աշխատանքներու Յայտագիրը
Օրուան բացումը պիտի կատարուի Գրիգորեան Համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆակուլտետի դեկան՝ Հայր Ամօրի Պըկաս տը Տեմի (SJ) ողջոյնի խօսքով։
Առաւօտեան առաջին զեկուցողը պիտի ըլլայ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան խմբագրական կազմի տնօրէն Անտրէա Թորնիէլլի, որ յատուկ անդրադարձ պիտի կատարէ հանրային կարծիքի նենգափոխմա խնդրին՝ հետեւելով ԱԲ-ի վերաբերեալ Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետի մտածումներուն։
Ապա խօսք պիտի առնէ Հաւատոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան պաշտօնեայ եւ նոյն համալսարանի դասախօս Տօն Էնտրիւ Լիաուկմինաս, որ պիտի ներկայացնէ աստուածաբանական, բարոյական եւ հոգեւոր հայեացք մը ԱԲ-ի յառաջացուցած հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ՝ հիմնուելով նաեւ «Antiqua et Nova» փաստաթուղթին վրայ։
Վերջապէս, Գրիգորեան համալսարանի բարոյագիտութեան, կենսաբարոյագիտութեան եւ արհեստագիտութեանց բարոյագիտութեան դասախօս Հայր Փաօլօ Պենանթի պիտի բանայ արհեստական բանականութեան զարգացման հեռանկարները՝ նկատի առնելով անոր աճող ազդեցութիւնը առօրեայ կեանքին վրայ։
Կլոր սեղան եւ քննարկումներ
Քննարկումը պիտի վարէ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան պաշտօնեայ Տօն Անտրէյ Չորոմանսքի։ Գիտաժողովը պիտի փակուի ժամը 16:30-ին՝ Տասներկու Առաքելոց (XII Apostoli) եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ