Որոնել

«Լեւոնը Հռոմի մէջ». Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզ-ի նոր վաւերագրական ժապաւէնը՝ Լեւոն ԺԴ-ի Հռոմի տարիներուն մասին

Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզ-ը յուլիս 1-ին պիտի հրապարակէ «Լեւոնը Հռոմի մէջ» խորագիրով նոր վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ-ի Հռոմի մէջ անցուցած մօտ քսանամեայ ծառայութիւնն ու կեանքի կարեւոր հանգրուանները։ Ժապաւէնը, որ կը ներառէ անտիպ լուսանկարներ, տեսանիւթեր եւ վկայութիւններ, կը լրացնէ Լեւոն ԺԴ-ի կեանքին ու առաքելութեան նուիրուած Վատիկան Նիւզ-ի վաւերագրական եռագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յուլիս 1-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ռատիօ Վատիկան–Վատիկան Նիուզ-ը կը հրապարակէ «Լեւոնը Հռոմի մէջ» խորագիրով նոր վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ այսօրուան Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ-ի (Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեւոսթ) Հռոմի մէջ անցուցած տարիները։

Վաւերագրականը կը լուսաբանէ մօտ քսանամեայ ժամանակաշրջան մը՝ սկսելով 1981-ին Միացեալ Նահանգներէն Իտալիա անոր ժամանումէն, ապա՝ Սուրբ Օգոստինոսի Միաբանութեան ընդհանուր առաջնորդի պաշտօնին երկու անընդմէջ պաշտօնավարութիւններէն, մինչեւ 2023-ին Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան նախագահ նշանակուիլն ու կարդինալ ստեղծուիլը։

Ֆիլմը կ՛անդրադառնայ անոր ուսման, ծառայութեան, ճամբորդութիւններուն, ուխտագնացութիւններուն, հանդիպումներուն եւ աշխատանքային առօրեային՝ ներկայացնելով մինչեւ այսօր անտիպ լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր։ Վկայութիւններով կը մասնակցին անոր օգոստինեան եղբայրները, ուսանողական տարիներու ընկերները, հին բարեկամները, ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսներու Վարչապետութեան անդամներ։

«Լեւոնը Հռոմի մէջ» կը լրացնէ Վատիկան Նիուզ-ի վաւերագրական եռագրութիւնը, որ նուիրուած է Լեւոն ԺԴ-ի կեանքին եւ ծառայութեան։ Առաջինը՝ «León de Perú» (2025-ի յունիս), ներկայացուց անոր միսիոնարական տարիները Փերուի մէջ, իսկ երկրորդը՝ «Leo from Chicago» (2025-ի նոյեմբեր), բացայայտեց անոր ամերիկեան արմատներն ու ընտանիքային միջավայրը։

Վաւերագրական ժապաւէնը պատրաստուած է Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական Տնօրէնութեան արտադրութեամբ։ Հեղինակներն են լրագրողներ Ֆելիփէ Հերրերա-Էսփալիաթ, Սալվաթորէ Չեռնուցիօ եւ Թիցիանա Քամփիզի, իսկ մոնթաժը իրականացուցած են Խայմէ Վիսքաինօ Հարօ եւ Սթեֆանօ Անելլա։

Յուլիս 1-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ժապաւէնը պիտի հրապարակուի Vatican News-ի YouTube-ի պաշտօնական ալիքով՝ սկզբնական փուլին անգլերէն, իտալերէն եւ սպաներէն լեզուներով, ապա պիտի տրամադրուի նաեւ այն միջազգային լրատուամիջոցներուն, որոնք կը դիմեն զայն հեռարձակելու համար։

Նոյն օրը, ժամը 17:00-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն համար նախատեսուած է նախադիտման յատուկ ցուցադրութիւն Վատիկանի ֆիլմադարանին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/06/2026, 11:22