Որոնել

2026.01.08 Concistoro Straordinario - Seconda Sessione

Կարդինալական Ժողով. Տեսակէտներու փոխանակում համաշխարհային կացութեան, Magnifica humanitas-ի եւ Սինոդի շուրջ

Կարդինալներու Դասի Աւագերէց Կարդինալ Ճիվան Պաթիսթա Ռէն, Վատիկանի մէջ յունիս 26-27-ին եւ 29-ին Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ տեղի ունենալիք հանդիպման մասնակից ծիրանաւորներուն ուղղած իր նամակին մէջ, կը հաղորդէ Պօղոս Զ. սրահին եւ Սինոդի սրահին մէջ կայանալիք չորս նիստերու քննարկման նիւթերը։ Կարդինալները պիտի քննարկեն միջազգային իրավիճակը, խաղաղութիւնն ու «արդար պատերազմի» տեսութեան յաղթահարումը, Magnifica humanitas շրջաբերականը եւ Սինոդի որոշումներու գործադրութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապը կարդինալական դասը հրաւիրած է համախորհրդակցութեան մը՝ քննարկելու համար Եկեղեցւոյ եւ արդի աշխարհին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող քանի մը հարցեր։ Ըստ Կարդինալներու Դասի Աւագերէց Ճովաննի Պաթիսթա Ռէի նամակին, այս հանդիպումը կը միտի ըլլալ մտիկ ընելու, տեսակէտներու փոխանակման եւ համատեղ խորհրդածութեան պահ մը։

Համաշխարհային կացութիւն եւ տեղական Եկեղեցիներ

Կարդինալները պիտի բաժնեկցին այն գլխաւոր դժուարութիւնները, լարուածութիւններն ու տառապանքները, որոնք կ՚ապրին ժողովուրդներն ու եկեղեցական համայնքները իրենց տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ յոյսի նշանները, հաւատարմութիւնը Աւետարանին եւ հաշտութեան կարելիութիւնները։

Magnifica humanitas շրջաբերականը եւ խաղաղութիւնը

Երկու նիստ պիտի նուիրուի Լեւոն ԺԴ. Պապի Magnifica humanitas շրջաբերականին։

Մասնաւորաբար պիտի քննարկուին հետեւեալ կէտերը. Աշխարհի մէջ աճող բեւեռացումն ու բռնութիւնը. Խաղաղութեան դերը՝ որպէս ընդհանուր բարիքի էական պայման. «Արդար պատերազմի» տեսութեան յաղթահարումը, զոր Պապը կը նկատէ յաճախ գործածուած՝ հակամարտութիւնները արդարացնելու համար. Հաշտութիւն եւ խաղաղ համակեցութիւն կերտելու գործնական ուղիները։

Այս առիթով պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներէն ժամանած կարդինալները պիտի փոխանցեն իրենց անմիջական վկայութիւնները։

Մարդկային Համապարփակ զարգացում

Մեկնելով շրջաբերականի՝ «բարիքի մէջ կառուցելու» հրաւէրէն, մասնակիցները պիտի քննարկեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ընկալել ներկայ աշխարհի փոխակերպումները Աւետարանի լոյսին տակ եւ ուղղորդել երջանկութեան փնտռտուքը դէպի մարդկային համապարփակ զարգացում։

Սինոդի որոշումներու գործադրութիւնը

Վերջին նիստը պիտի նուիրուի Սինոդի գործադրութեան ընթացքին մասին տեղեկութիւններու փոխանցման եւ 2027-2028 տարիներու ապագայ սինոդական հաւաքներու նախապատրաստութեան։ Ասոր պիտի յաջորդէ ազատ երկխօսութիւն մը կարդինալներուն եւ Պապին միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2026, 13:55