Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Սուրբ Պետրոսի Գանձանակը. Պապին բարեգործութիւնը կը հասնի աշխարհի չորս ծագերը։

Վատիկանը հրապարակեց Սուրբ Պետրոսի Գանձանակի 2025 տարուան տարեկան զեկուցումը, ըստ որուն հաւատացեալներու նուիրատուութիւններով հաւաքուած 57,6 միլիոն եւրոյէն 54,5 միլիոնը յատկացուած է Սրբազան Հօր առաքելութեան, Սուրբ Աթոռի գործունէութեան եւ աշխարհի կարիքաւորներուն ուղղուած մարդասիրական ու աւետարանչական ծրագիրներուն։ Տարուան ընթացքին Սուրբ Պետրոսի Գանձանակը ֆինանսաւորած է 252 ծրագիր 74 երկիրներու մէջ՝ աջակցելով եկեղեցիներու կառուցման, կրթական ու մարդասիրական նախաձեռնութիւններու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանը այսօր հրապարակեց 2025 տարուան Սուրբ Պետրոսի Գանձանակի տարեկան զեկուցումը, որ կը ներկայացնէ այն նուիրատուութիւններուն գործածութիւնը, որոնց միջոցով հաւատացեալները կը զօրակցին Սրբազան Քահանայապետի համաշխարհային առաքելութեան եւ անոր բարեսիրական նախաձեռնութիւններուն։

Զեկուցումին համաձայն, 2025-ին Սուրբ Պետրոսի Գանձանակի մուտքերը կազմած են 57,6 միլիոն եւրօ, մինչդեռ ծախսերը հասած են 59,8 միլիոն եւրոյի։ Տարբերութիւնը հիմնականօրէն պայմանաւորուած է արտարժոյթներու փոխարժէքներու տատանումներով։ Տարուան ընթացքին ընդհանուր առմամբ 54,5 միլիոն եւրօ յատկացուած է, որմէ 41,2 միլիոնը տրամադրուած է Սուրբ Աթոռի գործունէութեան՝ ի սպաս Սրբազան Հօր առաքելութեան, իսկ 13,3 միլիոնը՝ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ անմիջական մարդասիրական ու ընկերային ծրագիրներու։

Նուիրատուութիւններու հիմնական աղբիւրները

Նուիրատուութիւններուն մեծ մասը՝ 63,6 առ հարիւրը, ստացուած է թեմերէն, իսկ մնացեալը՝ անհատ բարերարներէ, հիմնադրամներէ եւ կրօնական հաստատութիւններէ։ Նուիրատուութիւնները կը հաւաքուին գլխաւորաբար Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնին առիթով աշխարհի ծուխերուն մէջ կազմակերպուող հանգանակութեամբ, ինչպէս նաեւ դրամական փոխանցումներու, վարկային քարտերու, PayPal-ի եւ կտակներով կատարուած նուիրատուութիւններու միջոցով։

Ամենէն առատաձեռն երկիրները

Ամենէն առատաձեռն երկիրները եղած են Միացեալ Նահանգները, որոնք ապահոված են ընդհանուր նուիրատուութիւններուն 26,1 առ հարիւրը, ապա՝ Իտալիան եւ Պրազիլը։ Անոնց կը յաջորդեն Հարաւային Քորէան, Գերմանիան, Ֆրանսան եւ Իսպանիան։

252 ծրագիր՝ 74 երկիրներու մէջ

2025-ին Սուրբ Պետրոսի Գանձանակով ֆինանսաւորուած են 252 ծրագիրներ՝ իրականացուած 74 երկիրներու մէջ, գլխաւորաբար Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ։ Անոնց շարքին են կրթաթոշակներ՝ Ափրիկէէն, Լատինական Ամերիկայէն եւ Ասիայէն եկած քահանաներու, ճեմարանականներու եւ կրօնաւորներու համար, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն՝ պատերազմէն տուժած Ուքրանիոյ բնակչութեան։

Աջակցութիւն աւետարանչական առաքելութեան

Աւետարանչական առաքելութեան աջակցելու նպատակով կառուցուած են նոր եկեղեցիներ եւ եկեղեցական շինութիւններ, որոնց կարգին՝ վանք մը Սրի Լանքայի Մաննար քաղաքին մէջ, ծխական եկեղեցի մը Եգիպտոսի Հագազա շրջանին մէջ եւ հովուական կեդրոն մը Պուրկինա Ֆասոյի Քայա քաղաքին մէջ։

Մարդասիրական եւ կրթական նախաձեռնութիւններ

Ընկերային ծրագիրներու ծիրին մէջ աջակցութիւն տրամադրուած է Կազայի բնակչութեան, կառուցուած են դպրոցական դասարաններ Հնդկաստանի Ամբիքափուր քաղաքին մէջ աղջիկներու համար, ինչպէս նաեւ երկրորդական դպրոց մը Հարաւային Սուտանի Պենթիու քաղաքին մէջ։ Նաեւ իրականացուած են եկեղեցական ենթակառոյցներու վերանորոգման եւ զարգացման ծրագիրներ Միանմարի, Հայիթիի եւ Զամբիայի մէջ։

Աջակցութիւն նաեւ Սուրբ Աթոռի առաքելութեան

Սուրբ Պետրոսի Գանձանակը, բարեսիրական նախաձեռնութիւններէն զատ, կը նպաստէ նաեւ Սուրբ Աթոռի Վերատեսչութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ մարմիններուն գործունէութեան։ 2025-ին Սուրբ Աթոռի հաստատութիւններուն համախառն ծախսերը կազմած են 404,5 միլիոն եւրօ, որոնցմէ շուրջ 41,2 միլիոնը, այսինքն մօտ 10 առ հարիւրը, հոգացած է Սուրբ Պետրոսի Գանձանակը։ Այդ գումարէն 148,7 միլիոն եւրօ ուղղուած է դժուար պայմաններու մէջ գտնուող տեղական եկեղեցիներու եւ աւետարանչական յատուկ առաքելութիւններու աջակցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/06/2026, 15:10