«Հրաձգութիւններ Լիբանանի մէջ. Պապական նուիրակին գլխաւորած մարդասիրական քարաւանը կը փոխէ իր ուղին։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լիբանանի մէջ Սրբազան Քահանայապետի նուիրակ, Արք. Փաոլօ Պորճիայի գլխաւորած մարդասիրական քարաւանը հինգշաբթի օր ստիպուած եղած է փոխել իր ճամբան՝ իսրայէլեան բանակին եւ Հըզպալլայի միջեւ արձանագրուած թէժ հրաձգութիւններուն պատճառով։ Այս մասին Վատիկանի լրատուամիջոցներուն յայտնած է ինքնին նուիրակը՝ շեշտելով. «Պատերազմական իրավիճակի մէջ ենք, բայց պիտի շարունակենք օգնել ժողովուրդին»։
Սննդամթերքով, դեղորայքով եւ վառելանիւթով բեռցուած 45 բեռնատարներէ եւ մեքենաներէ բաղկացած օժանդակութեան այս քարաւանը, որ կազմակերպուած էր «Քարիդաս»-ի եւ կաթողիկէ այլ կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, Պէյրութէն ուղղուած էր դէպի Լիբանանի հարաւային շրջանի քրիստոնէական երեք գիւղեր՝ Տեպել, Այն Էպել եւ Ռմէյշ։
10 ժամուան ոդիսականը՝ յանուն գոյատեւման
Իսրայէլի սահմանին մօտ գտնուող Թիրոսի հարաւը՝ Տեպել գիւղ հասնելէ քիչ առաջ, սահմանային բախումներու սաստկացման պատճառով քարաւանը չէ կրցած շարունակել նախապէս ճշդուած եւ պատկան մարմիններուն հետ համադրուած ուղին։
«Ստիպուած եղանք ետ դառնալ եւ բոլորովին տարբեր ճամբայ մը կտրել՝ անվտանգ տեղաշարժի համար նոր արտօնութիւններ խնդրելով», պատմած է Արքեպիսկոպոս Պորճիա։ Ի վերջոյ, շուրջ 10 ժամ տեւած վտանգաւոր ճամբորդութենէ ետք, օգնութիւնը հասած է նշանակուած վայրը։
Բացի կենսական մթերքներէն, քարաւանին կ՛ընկերակցէին նաեւ շրջանի այն բնակիչները, որոնք շաբաթներ շարունակ տեղահանուած ըլլալէ ետք կը փորձէին վերադառնալ իրենց օճախները։
Վատիկանի եւ Պապին զօրակցութիւնը
Այս այցելութիւնը Մարտ 2-ին բռնկած պատերազմէն ի վեր նուիրակին 20-րդ լուսանցքային առաքելութիւնն էր (17 մարդասիրական քարաւան եւ 3 հովուական այցելութիւն)։ Այս գիւղերը ներկայիս լիովին մեկուսացած են երկրի մնացեալ շրջաններէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.