Որոնել

2026.02.06 L'arcivescovo Ettore Balestrero

Թուային համակարգերը կը խորացնեն անչափահասներու խոցելիութիւնը․ Գերապ. Էթթորէ Պալէսթրերօ

Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 62-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս կատարած իր յայտարարութիւններու մէջ, Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը շեշտած է մարդկային առեւտուրի զոհ դարձած երեխաներու պաշտպանութեան եւ վերականգնումի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է կանանց եւ աղջիկներու դէմ գործադրուած բռնութեան, անոր պատճառներուն եւ հետեւանքներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

22 Յունիսին, Ժընեւի ՄԱԿի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, Արքեպիսկոպոս Գերապ. Էթթորէ Պալէսթրերոն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 62-րդ սովորական նստաշրջանին իր յայտարարութիւններու մէջ շեշտեց մարդկային առեւտուրի զոհ դարձած անչափահասներու «պաշտպանութեան, ազատագրման եւ վերականգնման» կարեւորութիւնը եւ անդրադարձաւ կանանց եւ աղջիկներու դէմ գործադրուած բռնութեան, անոր պատճառներուն եւ հետեւանքներուն։

Անչափահասները միշտ զոհ են, նոյնիսկ եթէ ստիպուած են ոճիր գործել

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը վերահաստատեց, որ «ապահով եւ կանոնաւոր գաղթականութեան ուղիներու հիմնումը կը նպաստէ մարդոց մաքսանենգներու գործունէութեան կանխարգիլման»։ Այս ծիրէն ներս, ան կարեւորեց ընտանիքին հիմնարար դերը, յատկապէս «ընտանեկան վերամիաւորման եւ առանց ընկերակցութեան մնացած անչափահասներու խնամակալութեան միջոցաւ»։ Արքեպիսկոպոսը յիշեցուց, որ մարդկային առեւտուրը «ստրկութեան ժամանակակից ձեւ մըն է եւ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած մարդկային արժանապատուութեան կոպիտ խախտում», ինչպէս Լեւոն ԺԴ․ Պապը կը գրէ «Magnifica humanitas» կոնդակին մէջ։ Հետեւաբար, եզրակացուց ան, մարդկային առեւտուրի զոհ դարձած անչափահասը, «արժանի է պաշտպանութեան, կարեկցանքի ու աջակցութեան, փոխանակ պատժուելու իր կրած շահագործումէն բխող արարքներուն համար։ Ոճիրը մաքսանենգներունն է, ոչ թէ երեխային»։

«Թուային-ստրկութեան» աճը մտահոգիչ է
Մնայուն դէտը դիտել տուաւ նաեւ, որ թուային համակարգերը կը խորացնեն «տեղաշարժի մէջ գտնուող անչափահասներու խոցելիութիւնը»՝ դիւրացնելով մարդկային առեւտուրը։ Ան «յատկապէս մտահոգիչ» անուանեց այսպէս կոչուած «թուային-ստրկութեան» (cyber slavery) աճը, որուն միջոցաւ մարդիկ «կը ներգրաւուին խաբեբայական ծրագիրներու եւ յանցաւոր գործունէութիւններու մէջ, ինչպէս են առցանց խարդախութիւնները եւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգութիւնը», ինչպէս դատապարտած է Լեւոն ԺԴ․ Պապը՝ 8 Փետրուար 2026ին նշուած Մարդկային առեւտուրի դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան 12րդ Համաշխարհային Օրուան պատգամին մէջ։ Յանցաւոր ցանցերը, հաստատեց Արքեպիսկոպոսը, «յաճախ կ՛օգտագործեն առցանց հարթակներ եւ անանուն ուղիներ՝ իրենց զոհերը հաւաքագրելու, վերահսկելու եւ փոխադրելու համար, որոնք շատ յաճախ անչափահասներ են»։

Աղքատութիւնը կրնայ մայրերուն մղել դէպի յղիութեան արհեստական ընդհատում

Գերապայծառ Պալէսթրերոն անդրադարձաւ նաեւ կանանց եւ աղջիկներու դէմ գործադրուած բռնութեան, անոր պատճառներուն եւ հետեւանքներուն՝ ընդգծելով, որ «մայրերը իրաւունք ունին յատուկ խնամքի, օգնութեան եւ պաշտպանութեան՝ ծննդաբերութենէն առաջ եւ ետք»։

Աղքատութիւնն ու խոցելիութիւնը կրնան մայրերուն մղել դէպի յղիութեան արհեստական ընդհատում։ Այս իմաստով, Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը կը շեշտէ, որ երբ իրական աջակցութեան փոխարէն նեղութեան մէջ գտնուող կնոջ մը կ'առաջարկուի վերջ տալ իր երեխայի կեանքին, զայն երկրորդ անգամ ըլլալով կը լքեն, յարեց ի վերջոյ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/06/2026, 10:10