Որոնել

2026.02.06 L'arcivescovo Ettore Balestrero

Արհեստական Բանականութիւն եւ աշխատանք, Սուրբ Աթոռ. պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնն ու հասարակաց բարիքը

Գերապ. Պալեսթրերօ Ժընեւի ՄԱԿ-ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդը, ելոյթ ունեցաւ Աշխատանքի միջազգային 114-րդ համաժողովին. «Պէտք է մեղմացնել նոր տնտեսական հարթակներու վնասակար հետեւանքները՝ ապահովելով, որ արհեստական ականութիւնը (ԱԲ) իրապէս ծառայէ հասարակաց բարիքին»:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Հարթակային տնտեսութեան (platform economy) արագ աճը վերափոխած է աշխատանքի աշխարհը՝ ընձեռելով զբաղուածութեան նոր հնարաւորութիւններ, բայց նաեւ բազմաթիւ աշխատաւորներ ենթարկելով «անտեսանելիութեան եւ շահագործման նոր ձեւերու»: Այս մասին յայտարարած է Ժընեւի ՄԱԿ-ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դէտ, Էթորէ Պալեսթրերօ արքեպիսկոպոսը՝ երէկ Աշխատանքի միջազգային 114-րդ համաժողովին իր արտասանած խօսքին մէջ:

Պաշտպանել մարդկային եւ աշխատանքային արժանապատուութիւնը

Ըստ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչին՝ հարթակային տնտեսութեան շուրջ քննարկումները պէտք է կեդրոնանան «մարդու՝ Աստուծմէ տրուած բնածին արժանապատուութեան եւ աշխատանքի արժանապատուութեան վրայ»: «Մարտահրաւէրը ոչ թէ արհեստագիտական է, այլ մարդաբանական»,  հաստատած է ԱՆ՝ մէջբերելով Լեւոն ԺԴ Պապին խօսքը՝ Համաշխարհային հաղորդակցութեանց 60-րդ օրուան առթիւ յղուած պատգամէն։

Խուսափիլ նոր անհաւասարութիւններէ

Անդրադառնալով բարոյագիտական մտահոգութիւններուն՝ Մշտական դէտը յղում կատարած է Լեւոն Պապի վերջին «Magnifica Humanitas» շրջաբերականին (Enciclica)՝ ընդգծելով, որ երբ իշխանութիւնը կեդրոնացած է քիչերու ձեռքը, «ան կը միտի դառնալ անթափանց եւ դուրս գալ հանրային վերահսկողութենէն՝ մեծցնելով խեղաթիւրուած զարգացման ձեւերու վտանգը, որոնք ծնունդ կու տան նոր կախուածութիւններու, բացառումներու, նենգափոխումներու եւ անհաւասարութիւններու»: Այս պատճառով — ըսած է ան — կենսական է կառուցել համագործակցութեան ձեւեր՝ «յարգելով հասարակաց բարիքը»:

Զարգացումը՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին

Ոլորտի աճող թուայնացման մէկ այլ մտահոգիչ կողմը կը վերաբերի հարթակներու տնօրէններուն՝ «աշխատանքի հասանելիութիւնը երաշխաւորելու կամ սահմանափակելու իշխանութեան»: «Ասիկա կը նշանակէ, որ աշխատաւորները ստիպուած կրնան ըլլալ վճարել աշխատանքի հնարաւորութիւններէն օգտուելու համար», նկատած է արքեպիսկոպոսը՝ խօսելով այն սկզբունքի շրջման մասին, թէ ոչ մէկ աշխատաւոր երբեւէ պէտք է վճարէ աշխատանք գտնելու համար։ «Ուստի վճռական է,— եզրափակած է ան,— սոցիալական գործընկերներուն հետ քննարկումներու մէջ մտնել՝ մեղմացնելու համար նոր տնտեսական հարթակներու վնասակար հետեւանքները՝ ապահովելով, որ արհեստական բանականութիւնը իրապէս ծառայէ հասարակաց բարիքին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2026, 11:08