Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Արք Կալլակեր. «Մեծ աղէտներու այս օրերուն աղօթենք զինաթափ եւ զինաթափող խաղաղութեան համար»։

Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչըրտ Կալլակեր, Քաունասի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, աղօթեց պատերազմէն տուժած ժողովուրդներուն, յատկապէս Ուքրանիոյ համար, խնդրելով Աստուածամօր բարեխօսութեամբ «զինաթափ եւ զինաթափող խաղաղութեան» պարգեւը։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց Լիթուանիոյ Եկեղեցւոյ նահատակներուն հաւատարմութիւնը՝ ընդգծելով, որ անոնց զոհողութիւնն ու վկայութիւնը նոր քրիստոնէական կեանքի սերմ դարձած են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յունիս 27-ին, Սուրբ Աթոռի՝ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչըրտ Կալլակեր Քաունասի մայր տաճարին մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագին՝ նուիրուած Լիթուանիոյ առաջին միացեալ եկեղեցական նահանգի հիմնադրութեան հարիւրամեակին։

Աղօթք Ուքրանիոյ եւ պատերազմէն տուժած ժողովուրդներուն համար

Իր քարոզին մէջ արքեպիսկոպոսը Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան յանձնեց պատերազմէն տառապող ժողովուրդները՝ յատկապէս Ուքրանիան, աղօթելով «զինաթափ եւ զինաթափող խաղաղութեան» պարգեւին համար։ Ան ընդգծեց, որ այսօրուան դժուար ժամանակներուն ամբողջ Եկեղեցին կոչուած է ապաւինելու Աստուածամօր պաշտպանութեան։

Լիթուանիոյ նահատակներուն հաւատքի վկայութիւնը

Արք Կալլակեր յիշեցուց խորհրդային հալածանքներու տարիներուն լիթուանացի քահանաներու, կրօնաւորներու եւ հազարաւոր հաւատացեալներու հերոսական վկայութիւնը՝ շեշտելով, որ ամբողջատիրական վարչակարգը չկրցաւ կործանել Եկեղեցին։ Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Խաչերու Բլուրին, որ դարձած է Քրիստոսի հանդէպ անխախտ հաւատարմութեան խորհրդանիշը։

Նահատակներու արիւնը՝ նոր քրիստոնեաներու սերմ

Յիշելով Տերտուղիանոսի նշանաւոր խօսքը՝ «Նահատակներու արիւնը նոր քրիստոնեաներու սերմն է», արքեպիսկոպոս Կալլակեր հաստատեց, որ Լիթուանիոյ Եկեղեցւոյ հարիւրամեայ պատմութիւնը այդ ճշմարտութեան կենդանի ապացոյցն է։ Ան նաեւ յարգանքով յիշեց երանելի եպիսկոպոս Յուրկիս Մաթուլայթիսը, որ 1926-ին հռչակեց Լիթուանիոյ առաջին եկեղեցական նահանգի հիմնադրութիւնը, ընդգծելով, որ այս յոբելենական տօնակատարութիւնը կոչ մըն է շարունակելու սրբութեան եւ հաւատարմութեան ճանապարհը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/06/2026, 12:01