Կարդինալ Չերնի. «Ծովը միայն առեւտուրի ճանապարհ չէ, այլ մարդկային հանդիպման եւ եղբայրութեան վայր»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Ծովու Կիրակի»ի առիթով հրապարակուած իր 2026-ի պատգամին մէջ, Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Մայքըլ Չերնի շեշտեց, որ ծովերը միայն առեւտուրի եւ տնտեսական շահերու աղբիւր չեն, այլ նաեւ մարդկային համերաշխութեան, եղբայրութեան եւ Աստուծոյ արարչագործութեան մաս կը կազմեն։
Ծովուն վրայ աշխատողները՝ համաշխարհային կեանքի անտեսանելի հիմնասիւները
Կարդինալը յիշեցուց, որ համաշխարհային առեւտուրը, ձկնորսութիւնը եւ նաւահանգիստներու գործունէութիւնը կը գոյատեւեն հազարաւոր նաւաստիներու, ձկնորսներու եւ ծովային աշխատաւորներու զոհողութիւններուն շնորհիւ։ Հորմուզի նեղուցի վերջին ճգնաժամը, ըստ անոր, անգամ մը եւս բացայայտեց, թէ որքան մարդկութիւնը կախեալ է ծովէն եւ անոր վրայ աշխատող մարդոց ծառայութենէն։ Ան ընդգծեց, որ Եկեղեցին անոնց կը դիտէ ոչ միայն որպէս աշխատանքի ուժ, այլ իբրեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած անձեր, որոնց արժանապատուութիւնը անխախտ է եւ որոնց կեանքերը, յոյսերն ու երազները արժանի են յարգանքի եւ գնահատանքի։
Մենութիւնը եւ անապահովութիւնը՝ ժամանակակից մարտահրաւէրներ
Պատգամին մէջ կը նշուի, որ զինուորական բախումները, անվտանգութեան սպառնալիքները եւ ծովային կեանքի պահանջները բազմաթիւ նաւաստիներու համար ստեղծած են մեկուսացում, ընտանիքներէն երկար բաժանում եւ հոգեկան յոգնութիւն։ Թէեւ հաղորդակցութեան միջոցները զարգացած են, սակայն մարդկային մերձեցումը աւելի նուազած է։
Կարդինալ Չերնի, յղում կատարելով Լեւոն ԺԴ Պապի «Magnifica Humanitas» շրջաբերականին, շեշտեց, որ տնտեսական եւ թեքնոլոժիք համակարգերը երբեք պէտք չէ մարդը վերածեն պարզ «տուեալի» կամ արտադրական մեքենայի մէկ մասնիկին։ Նաւերը պէտք չէ դառնան անտարբերութեան եւ լռութեան վայրեր, այլ՝ տարբեր ազգերու եւ մշակոյթներու միջեւ եղբայրութեան կենդանի վկայութիւններ։
Ծովը՝ ժողովուրդներու միջեւ կամուրջ
Ըստ Կարդինալին, ովկիանոսները ժողովուրդները չեն բաժներ, այլ կը միացնեն զանոնք։ Ամէն օր ծովային եւ գետային ճամբաներու վրայ աշխատող մարդիկ կը դառնան կամուրջներ ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ՝ վկայելով խաղաղ համակեցութեան եւ համագործակցութեան կարելիութեան մասին։
Արարչագործութեան պաշտպանութիւնը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը անբաժանելի են
Կարդինալ Չերնի զգուշացուց, որ ծովերը կը տառապին աղտոտումէն, անխնայ շահագործումէն եւ բնապահպանական քայքայումէն։ Ան ընդգծեց, որ ծովային միջավայրի պաշտպանութիւնը չի կրնար բաժնուիլ մարդուն պաշտպանութենէն։ Ծովային կեանքի, ձկնորսներու եւ ափամերձ համայնքներու բարեկեցութիւնը փոխկապակցուած են, իսկ իսկական զարգացումը պէտք է առաջնորդուի ոչ թէ միայն շահութաբերութեամբ, այլ՝ ընդհանուր բարիքի եւ ապագայ սերունդներու հանդէպ պատասխանատուութեամբ։
Եկեղեցին կոչուած է «նաւ բարձրանալու»
Աւետարանի պատկերին անդրադառնալով՝ Կարդինալը յիշեցուց, թէ Քրիստոս իր աշակերտներուն հետ նաւ բարձրացաւ եւ փոթորիկին մէջ մնաց անոնց կողքին։ Նոյնպէս, Եկեղեցին ալ չի կրնար հեռու մնալ ծովային աշխատաւորներու առօրեայէն, այլ կոչուած է մերձենալ, լսել, մխիթարել եւ պաշտպանել անոնց արժանապատուութիւնը։
Այս առաքելութիւնը կը շարունակուի «Ծովու Առաքելութիւն»ին (Stella Maris) եւ աշխարհասփիւռ կաթողիկէ նաւահանգստային հոգեւոր սպասաւորութիւններուն միջոցով, որոնք բոլոր ազգութիւններու եւ դաւանանքներու մարդոց կը տրամադրեն հոգեւոր եւ մարդասիրական աջակցութիւն։
Շնորհակալութիւն ծովու մարդոց
Իր պատգամի աւարտին Կարդինալ Չերնի խոր երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր նաւաստիներուն, ձկնորսներուն, ծովային աշխատաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ նաւահանգստային հոգեւորականներուն եւ կամաւորներուն, որոնք աշխարհի տարբեր նաւահանգիստներու մէջ կը շարունակեն ընկերակցութեան, աղօթքի եւ ծառայութեան առաքելութիւնը։
Ան վերջապէս Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ «Ծովու Աստղ»ին, յանձնեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը կը կապեն ծովուն հետ, աղօթելով, որ անոնք վայելեն անվտանգութիւն, արժանապատուութիւն, խաղաղութիւն եւ յոյս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.