Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը  (ANSA)

Արհեստական բանականութիւնը պէտք չէ զբօսաշրջութիւնը վերածէ զուտ վերիրական փորձառութեան

Վատիկանը կը զգուշացնէ, որ արհեստական բանականութիւնը պէտք չէ զբօսաշրջութիւնը վերածէ զուտ վիրտուալ կամ սպառողական փորձառութեան՝ նուազեցնելով մարդկային հանդիպման, մշակութային փոխանակման եւ զարմանքի արժէքը։ Միաժամանակ ան կը շեշտէ, որ նոր արհեստագիտութիւնները կրնան օգտակար ըլլալ մատչելիութեան, ներառումի ն եւ կայուն զարգացման համար, եթէ ծառայեն մարդուն եւ յարգեն անոր ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Զբօսաշրջութիւնը պէտք է շարունակէ մնալ ժողովուրդներու միջեւ կենդանի հանդիպման, մշակութային փոխանակման եւ մարդկային հաղորդակցութեան միջոց, այլ ոչ թէ սահմանափակուի արհեստական բանականութեան կողմէ կառավարվող վիրտուալ փորձառութիւններով։ Այս զգուշացումը հնչեցուց Վատիկանի Աւետարանչութեան Դիքաստերիոյ փոխ-նախագահ արքեպիսկոպոս Ռինօ Ֆիզիքելլան՝ Զբօսաշրջութեան 47-րդ Համաշխարհային Օրուան առիթով հրապարակուած իր պատգամին մէջ։

Արքեպիսկոպոսը ընդգծեց, որ թէեւ արհեստական բանականութիւնը կրնայ օգտակար դեր խաղալ զբօսաշրջութեան զարգացման մէջ, սակայն անիկա չի կրնար փոխարինել իրական փորձառութիւնը, որ կը ծնի անձնական հանդիպումներէն, մշակոյթներու ճանաչողութենէն եւ ճամբորդութեան ընթացքին ապրուած զգացումներէն։

Ալկորիթմներու Վտանգը եւ «Magnifica Humanitas» Շրջաբերականը

Ֆիզիքելլայի համաձայն, երբ ճամբորդութիւնը ենթարկուի բացառապէս ալկորիթմներու տրամաբանութեան, վտանգ կը ստեղծուի, որ զբօսաշրջիկը դիտուի որպէս պարզ սպառող, իսկ ճամբորդութիւնը՝ որպէս արտադրանք, որ պէտք է անընդհատ օպտիմալացուի։ Այս մօտեցումը կրնայ աստիճանաբար նուազեցնել զարմանքի, բացայայտման եւ մարդկային շփման արժէքը։

Ան յիշեցուց նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի վերջերս հրապարակուած «Magnifica Humanitas» շրջաբերականը, ուր նշուած է, թէ արհեստական բանականութիւնը ինքնին չէզոք չէ, որովհետեւ ան կը կրէ զայն ստեղծող, ֆինանսաւորող, կարգաւորող եւ օգտագործող անձերու ազդեցութիւնը։

Նոր Տեխնոլոգիաներու Դրական Ներուժը

Միեւնոյն ժամանակ, Վատիկանը կը ճանչնայ նոր տեխնոլոգիաներու դրական ներուժը։ Արհեստական բանականութիւնը կրնայ նպաստել զբօսաշրջային տեղեկատուութեան մատչելիութեան, ճամբորդական փորձառութիւններու անհատականացման, երթուղիներու բարելաւման եւ բնապահպանական ազդեցութեան նուազեցման։

Մատչելիութիւն եւ Տեղական Համայնքներու Զարգացում

Յատկապէս հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համար, նոր տեխնոլոգիաները կը բանան նոր հնարաւորութիւններ՝ թոյլ տալով այցելել վայրեր եւ օգտուիլ փորձառութիւններէ, որոնք անցեալին դժուար կամ անհասանելի էին։

Նաեւ զարգացող երկիրներու տեղական համայնքները կրնան աւելի լայնօրէն ներկայացնել իրենց մշակութային եւ բնական ժառանգութիւնը՝ թուային հարթակներու միջոցով, հասնելով միջազգային լսարաններու։

Մարդկային Հայեացքի Անփոխարինելիութիւնը

Սակայն Ֆիզիքելլան շեշտեց, որ ոչ մէկ տեխնոլոգիա կրնայ փոխարինել այն հայեացքը, որ առաջին անգամ կը դիտէ անծանօթ բնապատկեր մը, կամ այն յուզումը, որ կը ծնի սրբավայրի, պատմական յուշարձանի կամ արուեստի գործի առջեւ կանգնած ժամանակ։

Թուային Բացառում եւ Անձնական Տուեալներու Պաշտպանութիւն

Ան զգուշացուց նաեւ թուային բացառման վտանգին մասին։ Շատ համայնքներ, որոնք տնտեսապէս կախեալ են զբօսաշրջութենէն, կրնան դուրս մնալ նոր համակարգերէն, եթէ չունենան անհրաժեշտ տեխնոլոգիական միջոցներ կամ ենթակառուցուածքներ։

Միւս կարեւոր մտահոգութիւնը կը վերաբերի զբօսաշրջիկներու անձնական տուեալներու հաւաքագրման եւ օգտագործման հարցին։ Ըստ Վատիկանի, զանգուածային հսկողութիւնը եւ վարքագիծերու մշտադիտարկումը կրնան հակասել մարդու ազատութեան, արժանապատուութեան եւ հիմնարար իրաւունքներուն։

Բարոյական Սկզբունքներ եւ Մարդակեդրոն Տեսլական

Արհեստական բանականութեան օգտագործումը զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ, ըստ Ֆիզիքելլայի, պէտք է կարգաւորուի բարոյական սկզբունքներով եւ ծառայէ մարդուն, այլ ոչ թէ վերահսկողութեան կամ խտրականութեան գործիք դառնայ։

Իր պատգամի աւարտին արքեպիսկոպոսը վերահաստատեց, որ զբօսաշրջութիւնը կրնայ դառնալ «եղբայրութեան դպրոց», երբ ապրուի անկեղծութեամբ եւ բաց սրտով։ Իրական ճամբորդութիւնը կը հարստացնէ մարդը, կը լայնցնէ անոր մտահորիզոնը եւ կը սորվեցնէ գնահատել տարբերութիւնները՝ խթանելով համերաշխութիւնն ու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքը։

Վատիկանի ուղերձը կը յիշեցնէ, որ տեխնոլոգիական առաջընթացը արժէքաւոր է միայն այն ժամանակ, երբ կը պահպանէ մարդակեդրոն տեսլականը եւ կը ծառայէ մարդկային հանդիպման ու արժանապատուութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/06/2026, 14:23