2024.09.26 Bibbia

Սուրբ Աթոռ. Սուրբ Պատարագի քարոզը չի կրնար վստահուիլ աշխարհականներու

Սուրբ Աթոռի Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու Մատակարման Վերատեսչութիւնը վերահաստատեց, որ Սուրբ Պատարագի քարոզը իր բնոյթով վերապահուած է միայն քահանաներուն եւ սարկաւագներուն, ուստի չի կրնար վստահուիլ աշխարհական հաւատացեալներուն, նոյնիսկ բացառիկ պարագաներու մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, Սուրբ Աթոռը ընդգծեց, որ Եկեղեցին բազմաթիւ այլ ձեւեր կ՚առաջարկէ աշխարհականներուն՝ մասնակցելու Աստուծոյ Խօսքի հռչակման եւ աւետարանական քարոզչութեան ծառայութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու Մատակարարման Վերատեսչութիւնը մերժած է Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կողմէ ներկայացուած խնդրանքը, որով կ՚առաջարկուէր բացառիկ պարագաներու մէջ լիազօրուած աշխարհական հաւատացեալներուն արտօնել Սուրբ Պատարագի ընթացքին քարոզել՝ քահանայի կամ սարկաւագի փոխարէն։

Յունիս 17-ին Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, գերպ. Հայներ Վիլմերի ուղղուած նամակին մէջ Վատիկանի վերատեսչութիւնը, գնահատելով այս առաջարկին ետին գտնուող հովուական մտահոգութիւնները, վերահաստատած է, որ նման արտօնութիւն կարելի չէ տալ, որովհետեւ քարոզը միայն կարգապահական կանոն մը չէ, այլ կը բխի եկեղեցական արարողութեան իսկ բնութենէն։

Ուսուցողական ծառայութիւնը՝ վստահուած ձեռնադրեալ սպասաւորներուն

Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ քարոզը Աստուծոյ Խօսքի պաշտամունքին ամբողջական մաս կը կազմէ, անբաժանելիօրէն կապուած է Աւետարանի հռչակումին եւ կը ներկայացնէ ուսուցողական ծառայութիւնը, որ Սուրբ Կարգերու խորհուրդով վստահուած է ձեռնադրեալ սպասաւորներուն։

Աստուծոյ Խօսքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան միութիւնը

Վերատեսչութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Աստուծոյ Խօսքի հռչակումը եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը փոխկապակցուած իրականութիւններ են, եւ այս միասնութիւնը կը պահպանուի քահանայական ու սարկաւագական ծառայութեան միջոցով։

Շարունակական կազմաւորում՝ քարոզին արդիւնաւէտութեան համար

Միեւնոյն ժամանակ, Սուրբ Աթոռը կը շեշտէ ձեռնադրեալ քահանաներու շարունակական կազմաւորման կարեւորութիւնը, որպէսզի քարոզը աւելի արդիւնաւէտ կերպով փոխանցէ իր հովուական եւ հոգեւոր պատգամը։

Աշխարհականներուն համար այլ ծառայութեան դաշտեր

Ի վերջոյ, վերատեսչութիւնը կը նշէ, որ Եկեղեցւոյ ներկայ կարգապահութիւնը արդէն իսկ կը նախատեսէ բազմաթիւ ձեւեր, որոնց միջոցով աշխարհական հաւատացեալները կրնան մասնակցիլ Աստուծոյ Խօսքի տարածման եւ աւետարանական քարոզչութեան, սակայն՝ Սուրբ Պատարագի քարոզէն եւ Սուրբ Պատարագի արարողութենէն դուրս, համաձայն կանոնական իրաւունքին եւ Եկեղեցւոյ աւանդութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/06/2026, 13:30