Որոնել

2026.06.19 FOTO LEV

ԼԵՎ-ի (LEV) հարիւրամեակ․ Լեւոն ԺԴ. կը հանդիպի աշխարհի չորս կողմէն ժամանած գրողներու

Վատիկանի հրատարակչատունը հիմնուած է Վատիկանի տպարանին հետ 1587-ին՝ Սիստոս Ե. Պապին կողմէ: Սակայն, անոր բուն հրատարակչական գործունէութիւնը սկսաւ 1926-ին, Պիոս ԺԱ. Պապի գահակալութեան շրջանին, երբ վաճառքի գրասենեակն անջատուեցաւ տպարանէն եւ դարձաւ անկախ մարմին մը, որուն պաշտօնն էր Սուրբ Աթոռի հրատարակութիւններու տարածումը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի հրատարակչատան (Libreria Editrice Vaticana) հիմնադրման 100-ամեակին առթիւ, Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. պիտի ընդունի խումբ մը գրողներ՝ աշխարհի չորս կողմէն։

Առանձնական ունկնդրութիւնը նախատեսուած է չորեքշաբթի, 24 յունիսին։

Ներկայ գտնուող գրողներու շարքին են՝ Եոն Ֆոսէ (Jon Fosse), Մերիլին Ռոպինսըն (Marilynne Robinson), Էլիզապէթ Սթրաուտ (Elizabeth Strout), Էրիք-Էմանուէլ Շմիթ (Éric-Emmanuel Schmitt), Վիթորիօ Լինճիարտի (Vittorio Lingiardi), Ճուլիա Նաւարա (Julia Navarra), Ճոնաթան Սաֆրան Ֆոէր (Jonathan Safran Foer), Էնրիքօ Պրիցցի (Enrico Brizzi), Սորժ Շալանտոն (Sorj Chalandon), Քոլըմ ՄաքՔան (Colum McCann), Տանիէլէ Մենքարելլի (Daniele Mencarelli), Միրչէա Քլթարեսքու (Mircea Cărtărescu)։

Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Վատիկանի հրատարակչատան հեղինակներէն ոմանք, ինչպէս՝ Ատրիէն Քանտիար (Adrien Candiard), Էրալտօ Աֆֆինաթի (Eraldo Affinati), Փաօլօ Մալակութի (Paolo Malaguti) եւ ուրիշներ։

Ծագում ուն Հիմնադրութիւնը

Վատիկանի հրատարակչատունը հիմնուած է Վատիկանի տպարանին հետ 1587-ին՝ Սիստոս Ե. Պապին կողմէ: Սակայն, անոր բուն հրատարակչական գործունէութիւնը սկսաւ 1926-ին, Պիոս ԺԱ. Պապի գահակալութեան շրջանին, երբ վաճառքի գրասենեակն անջատուեցաւ տպարանէն եւ դարձաւ անկախ մարմին մը, որուն պաշտօնն էր Սուրբ Աթոռի հրատարակութիւններու տարածումը:

2005-ին, կարդինալ Անճելօ Սոտանոյի հրամանագիրով, պապական բնագիրներու հեղինակային բոլոր իրաւունքները պաշտօնապէս յանձնուեցան ԼԵՎ-ին: Յետագային, հրատարակչատունը ստացաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապի գործերու բացառիկ տնօրինումը, ներառեալ անոնց, որոնք գրուած էին նախքան անոր քահանայապետութիւնը:

Այսօր ԼԵՎ-ը Սուրբ Աթոռի պաշտօնական հրատարակչատունն է, որ օժտուած է իր սեփական կանոնադրութեամբ եւ կանոնակարգով: Գիրքերու հրատարակութենէն զատ, անիկա ունի հրատարակչական, առեւտրական, վարչական, մամուլի, իրաւունքներու եւ պարբերաթերթերու գրասենեակներ:

Կեդրոնատեղին կը գտնուի Վատիկան քաղաքին մէջ եւ կը տնօրինէ նաեւ հանրութեան համար բաց երեք գրախանութներ, որոնք նուիրուած են Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին, Պօղոս Զ.-ին եւ Պենետիկտոս ԺԶ.-ին:

2018 թուականէն ի վեր, ԼԵՎ-ը դարձաւ Վատիկանի հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան մէկ մասը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/06/2026, 08:03