Որոնել

Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի 

Ոչ Եւս Է Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի․ Իտալական եկեղեցւոյ ամենէն ազդեցիկ դէմքերէն մին

95 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի, որ երկար տարիներ վարած է Հռոմի Թեմի Պապական Փոխանորդի եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահի պաշտօնները։ Հռոմի եկեղեցական իշխանութիւնները իրենց խոր երախտագիտութիւնը յայտնած են անոր մատուցած ծառայութեան համար՝ զայն որակելով քաղաքական ու ընկերային շրջադարձերը զատորոշելու սուր միտքով օժտուած առաջնորդ մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

95 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Իտալիոյ եկեղեցական եւ քաղաքական կեանքի ամենաազդեցիկ դէմքերէն մէկը՝ Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի։
Ան երկար տարիներ վարած է Հռոմի Թեմի Պապական Փոխանորդի եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահի պաշտօնները։

Սասուոլօ քաղաքին մէջ ծնած ծիրանաւորը 1991-էն 2007 թուականներուն գլխաւորած է Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասը, իսկ 1991-էն 2008 թուականներուն եղած է Քահանայապետի Ընդհանուր Փոխանորդը Հռոմի Թեմին համար եւ Աւագերէց Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան Մայր Տաճարին։

Հռոմի Թեմի եւ կարդինալ Պալտասարէ Ռէյնայի ցաւակցութիւնը

Մահուան գոյժը պաշտօնապէս հաղորդած են Հռոմի թեմի Փոխանորդ կարդինալ Պալտասարէ Ռէյնա եւ Եպիսկոպոսական Խորհուրդը։ Իրենց հրապարակած պաշտօնական յայտարարութեան մէջ անոնք երախտագիտութիւն յայտնած են Ռուինիի «երկար ու արդիւնաշատ քրիստոնէական կեանքին» եւ «Եկեղեցւոյ մատուցած անսակարկ ծառայութեան» համար։

«Անոր հովուական առաջնորդութիւնը խոր հետք ձգած է։ Ան օժտուած էր քաղաքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը իմաստաւորելու մեծ հանճարով։ Ռուինի Կարդինալը, որ աչքի կը զարնէր երկրի քաղաքական եւ ընկերային շրջադարձերը զատորոշելու իր սուր միտքով, կենսական կը նկատէր մշակութային անցումներու հոլովոյթը առաջնորդել կաթողիկէ հպարտութեամբ։ Ան համոզուած էր, որ մենք ժառանգորդն ենք արժէքներու այնպիսի հարստութեան, որ պէտք չէ պահել, այլ պէտք է պահպանել ու պաշտպանել՝ հաւատարիմ մնալով իր եպիսկոպոսական նշանաբանին. «Ճշմարտութիւնը պիտի ազատէ ձեզ», նշուած է թեմական յայտարարութեան մէջ։

Առողջական վիճակի վատթարացումը

Վերջին ամիսներուն ծիրանաւորին առողջական վիճակը ծանրացած էր, ինչ որ կը պահանջէր ամենօրեայ խնամք եւ բժշկական հսկողութիւն իր բնակարանին մէջ։

Անցեալին եւս Ռուինի Կարդինալը յաղթահարած էր առողջական քանի մը լուրջ փորձութիւններ, ներառեալ՝ սրտի կաթուած մը 2024 թուականի Յուլիսին եւ երիկամային անբաւարարութիւն մը 2025-ին, որոնց պատճառով ան շտապ փոխադրուած ու բուժում ստացած էր Հռոմի «Ճեմելլի» հիւանդանոցին մէջ։

Յուղարկաւորութեան արարարողութիւնը

Նշենք, թէ Հինգշաբթի, 18 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 16:30-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարի Աւագ Խորանին վրայ տեղի պիտի ունենայ երջանկայիշատակ Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիի յուղարկաւորութեան եւ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը, գլխւորութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ  մասնակցութեամբ, Կարդինալներու, Արքեպիսկոպոսներու եւ Եպիսկոպոսներու։

Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիի մահուան հետեւանքով, Կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ 241 կարդինալներ, որոնք կը բաժնուին հետեւեալ ձեւով.

117 Քահանայապետ ընտրող Կարդինալներ եւ 124 ոչ ընտրող Կարդինալներ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/06/2026, 08:12