Որոնել

Մարոք. Կարդինալ Փարոլին Մարոք. Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. Հաւատքն ու քաղաքացիական գիտակցութիւնը՝ հասարակական խոր վերանորոգման երկու հիմնասիւներ

Մարոքի մէջ Վատիկանի պետական քարտուղարը կոչ ուղղեց անցնելու պարզ հանդուրժողականութենէն դէպի իսկական եղբայրութիւն՝ շեշտելով, որ հաւատքն ու քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը միասին կրնան դառնալ խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան շարժիչ ուժերը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիէթրօ Փարոլին Մարոքի Թագաւորութեան Ակադեմիայի մէջ, ուր հանդիսաւոր կերպով ընդունուեցաւ իբրեւ պատուաւոր անդամ, շեշտեց, որ հաւատքն ու քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը հակադրուող իրականութիւններ չեն, այլ միասին կը կազմեն մարդկային եղբայրութեան եւ հասարակական արդարութեան հիմքը։

«Հաւատացեալներ եւ քաղաքացիներ. միասին կառուցել մարդկային եղբայրութիւնը Սուրբ Աթոռի եւ Մարոքի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու յիսնամեակէն ետք» խորագիրով իր ելոյթին մէջ, Փարոլին յիշեցուց, որ 2026 տարին կը նշէ երկու կողմերու միջեւ հաստատուած յարաբերութիւններու ոսկէ յոբելեանը։ Ան ընդգծեց, որ հինգ տասնամեակներու ընթացքին համագործակցութիւնը հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ, մասնաւորաբար՝ կրօնը ծայրայեղականութեան դէմ պատնէշ նկատելու տեսլականին։

Յիսուն տարուան համագործակցութիւն

Կարդինալը անդրադարձաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի 1985-ի պատմական այցելութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի 2019-ի առաքելական ճամբորդութեան, որոնք խորացուցին երկխօսութիւնն ու խաղաղ համակեցութեան մշակոյթը։ Ան յիշեց նաեւ Ապու Տապիի «Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը», ընդգծելով, որ բոլոր մարդիկ Աստուծոյ կողմէ օժտուած են նոյն արժանապատուութեամբ, եւ պետութիւնները կոչուած են գործադրելու «գործուն կարեկցանք» եւ նորոգուած համերաշխութիւն։

Հաւատքը՝ եղբայրութեան հիմք

Փարոլին շեշտեց, որ եղբայրութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ իրաւական համակեցութեամբ կամ պարզ հանդուրժողականութեամբ։ Ըստ անոր, առանց հոգեւոր հիմքի մարդկային յարաբերութիւնները կը վտանգուին վերածուելու միմիայն օգտապաշտ մտածողութեան։ Հետեւաբար, հաւատքը պէտք է մարմնանայ ծառայութեան եւ յանձնառութեան մէջ, որովհետեւ «Աստուծոյ անունը երբեք չի կրնար ծառայել ատելութիւնը արդարացնելու»։

Միջկրօնական երկխօսութիւնը՝ խաղաղութեան ուղի

Անդրադառնալով միջկրօնական երկխօսութեան՝ կարդինալը բարձր գնահատեց Մարոքի փորձառութիւնը, ուր մզկիթներ, եկեղեցիներ եւ սինակոկներ դարերէ ի վեր կը վկայեն բազմազանութեան եւ համակեցութեան ոգին։ Ան ընդգծեց, որ մշակոյթի եւ հանդիպման դիւանագիտութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու խաղաղացման հիմնական միջոցներէն մէկն է։

Ժամանակակից մարտահրաւէրները

Փարոլին խօսեցաւ նաեւ գաղթականութեան, բնապահպանական ճգնաժամին եւ արհեստական բանականութեան արագ զարգացումին մասին։ Ան գովաբանեց Մարոքի դերակատարութիւնը Մարաքէշի համաշխարհային դաշինքին եւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ, վերահաստատելով, որ մարդկային արժանապատուութիւնը Աստուծոյ նախնական պարգեւն է եւ չի պայմանաւորուիր մարդուն կարողութիւններով կամ նիւթական միջոցներով։

Խաղաղութեան արհեստաւորներ

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Վատիկանի պետական քարտուղարը նշեց, որ երբ հաւատքն ու քաղաքացիական գիտակցութիւնը միանան, անոնք կը դառնան «խոր հասարակական փոփոխութեան արհեստաւորներ»։ Ան շեշտեց, որ տեւական խաղաղութիւնը չի հիմնուիր անցողիկ համաձայնութիւններու վրայ, այլ կը կառուցուի համբերատար երկխօսութեան եւ եղբայրութեան մշակոյթի միջոցով։ Իր մաղթանքով ան կոչ ուղղեց, որ Սուրբ Աթոռն ու Մարոքը շարունակեն միասին վկայել մարդկային եղբայրութեան կենդանի եւ լուսաւոր օրինակ մը աշխարհի ժողովուրդներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/06/2026, 09:11