Լեւոն ԺԴ. Պապը դէպի Սպանիա առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը դէպի Սպանիա առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին   (@Vatican Media)

Կարդինալ Փարոլին. «Լեւոն ԺԴ. Պապի այցելութիւնը Սպանիա նոր մղում պիտի տայ հաղորդութեան եւ հանդիպման»

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին նշեց, թէ Լեւոն ԺԴ. Պապի դէպի Սպանիա կատարած առաքելական այցելութեան գլխաւոր նպատակն է Աւետարանի լոյսով խրատուսել հաղորդութիւնն ու միութիւնը թէ՛ Եկեղեցիէն ներս եւ թէ՛ լարուածութիւններ ապրող հասարակութեան մէջ: Ան ընդգծեց Սուրբ Աթոռի առաջնահերթութիւնները, ինչպէս՝ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը, գաղթականութեան ու ծնելիութեան տագնապներու դիմագրաւումը, եւ երիտասարդութեան ու արուեստի միջոցով յոյսի պատգամի տարածումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Նորին Սրբութեան դէպի Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան նպատակներուն մասին։

Այցելութեան նպատակն ու պատգամը

Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ Լեւոն ԺԴ. Պապին չորրորդ միջազգային ճամբորդութեան գլխաւոր նպատակն է խրատուսել հաղորդութիւնն ու միութիւնը թէ՛ Եկեղեցիէն ներս եւ թէ՛ հասարակութեան մէջ: Քահանայապետը կը ձգտի յոյսի ու սիրոյ պատգամ փոխանցել համայն սպանացի ժողովուրդին՝ պատասխանելով կեանքի, մահուան ու տառապանքի իմաստին վերաբերեալ մարդկային խորունկ հարցումներուն:

Դիւանագիտութիւն եւ Միջերկրականեան տագնապներ

Վատիկանի Պետական քարտուղարը նկատել տուաւ, որ Պապը Սպանիոյ Խորհրդարանին հետ հանդիպման ընթացքին պիտի շեշտէ օրէնսդրութեան մէջ մարդկային անձի արժանապատուութեան եւ ընդհանուր բարիքի առաջնահերթութիւնը: Ան աւելցուց, որ Սուրբ Աթոռը կոչ կ՚ընէ գաղթականութեան ճգնաժամին մօտենալ կարեկցութեամբ՝ որդեգրելով չորս հիմնական սկզբունքներ. ընդունիլ, պաշտպանել, յառաջացնել ու համարկել գաղթականները, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ լուծումներ փնտռել Միջերկրականի շրջանի ծնելիութեան անկման տագնապին դիմաց:

Անջատողականութիւն եւ ներքին քաղաքականութիւն

Անջատողական ձգտումներով պայմանաւորուած բեւեռացումներուն դէմ՝ Պապը կը հանդիսանայ միութեան եւ խաղաղութեան երաշխաւոր։ Կարդինալը յարեց, թէ Սրբազան Հօր պատգամը պիտի լուսաւորէ հասարակական կեանքը Աւետարանի լոյսով՝ յարգելով հանդերձ պետութեան սահմանադրական պատասխանատուութիւնն ու ամենայն զգուշութեամբ խուսափելով երկրի ներքին քաղաքականութեան միջամտելէ:

Երիտասարդութիւն եւ աշխարհականացում

Աճող աշխարհականացման պայմաններուն մէջ, Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, թէ նոր սերունդի երիտասարդները կոչուած են ըլլալու ճշմարտութեան խանդավառ փնտռողներ: Փոխան սեփական մտածումն ու որոշումները արհեստական գործիքներուն վստահելու, անոնք պէտք է տեղ տան լռութեան, խորհրդածութեան ու աղօթքին՝ դառնալով արդարութեան եւ խաղաղութեան վարակիչ մարգարէներ իրենց իսկ ապագային համար:

Արուեստ եւ Աւետարանչութիւն

Պարսելոնայի «Սուրբ Ընտանիք» (Sagrada Família) տաճարի Յիսուս Քրիստոսի աշտարակի օրհնութիւնը պիտի խորհրդանշէ Եկեղեցւոյ մշտական աճը պատմութեան ընթացքին: Ճարտարապետ Անթոնիօ Կաուտիի հաւատքով ներշնչուած այս կոթողային գործը արուեստի վեհութեան միջոցով Աւետարանի գեղեցկութիւնը համայն աշխարհին ցուցադրելու եւ աւետելու հոյակապ առիթ մըն է:

Սպանիոյ դիմագիծն ու դերը Եւրոպայի մէջ

Հակառակ արդի հասարակական լարուածութիւններուն եւ փոխակերպումներուն, Կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Սպանիան կը պահպանէ իր քրիստոնէական խոր արմատները եւ ունի կենդանի ու ուժական Եկեղեցի: Որպէս ազդեցիկ պետութիւն, ան կրնայ առանցքային դեր խաղալ Եւրոպայի մէջ՝ պաշտպանելով մարդկային իրաւունքներն ու միջազգային անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ռազմավարական կամուրջ հանդիսանալով Լատինական Ամերիկայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն միջեւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/06/2026, 12:24