Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

«Անչափահասներու Պաշտպանութիւն եւ «Ending Clergy Abuse». Առաջին երկխօսութիւնը Հռոմի մէջ՝ Պապի առաջարկով»

Լեւոն ԺԴ. Պապի առաջարկով Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովի եւ «Ending Clergy Abuse» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան պատմական առաջին հանդիպումը՝ Եկեղեցւոյ մէջ պաշտպանական միջոցառումները զօրացնելու նպատակով։ Երկօրեայ խորհրդակցութիւններու ընթացքին կողմերը քննարկեցին բացարձակ անհանդուրժողականութեան կանոններու որդեգրումը, նոր կանոնադրութիւնները եւ պաշտպանութեան ծիրի ընդլայնումը դէպի Եկեղեցւոյ բոլոր խոցելի անձերը՝ յանուն աւելի ապահով միջավայրի կերտման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապի անմիջական առաջարկով, Յունիս 15-16 օրերուն Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ պատմական առաջին առ դէմ հանդիպումը Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովին եւ «Ending Clergy Abuse» (ECA) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան միջեւ։ Սոյն նախաձեռնութեան նպատակն է սերտ համագործակցութեամբ զօրացնել կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան միջոցառումները եւ աւելի լայն տեղ տալ զոհերու ու վերապրողներու ձայնին։

«Հռոմի Երկխօսութիւն» անունը կրող այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ հիմնական կէտերը.

Բացարձակ Անհանդուրժողականութիւն. ECA կազմակերպութիւնը առաջարկեց որդեգրել եկեղեցական համընդհանուր Կանոնական Օրէնք մը, որ հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն իսկ գործադրուող խստագոյն չափանիշներուն վրայ։ Ասիկա կը նախատեսէ եկեղեցական պաշտօնէութեան վերջնական հեռացումը ծառայութենէն, եթէ սեռային չարաշահումի փաստը հաստատուի։

Նոր Կանոնադրութիւններ. Քահանայապետական Յանձնաժողովը ներկայացուց Յունիս 13-ին Պապին կողմէ վաւերացուած նորացուած կանոնադրութիւնները, որոնք կը միտին բարձրացնել գործադիր արդիւնաւէտութիւնը եւ հզօրացնել տարեկան տեղեկագիրներու պատրաստութեան մեթոտաբանութիւնը՝ տեղական եկեղեցիներուն հետ գործակցաբար։

Պաշտպանութեան ծիրի ընդլայնում

Երկու կողմերը համաձայնեցան պաշտպանութեան դրութիւնը տարածել ոչ միայն մանուկներուն, այլեւ Եկեղեցւոյ մէջ խոցելի վիճակի մէջ գտնուող բոլոր անձերուն վրայ, ներառեալ՝ կրօնաւորուհիները, քահանաները, դպրեվանքի սաներն ու աշխարհական շարժումներու անդամները։

Երկօրեայ խորհրդակցութիւններու աւարտին որոշուեցան յստակ քայլեր՝ մշտական հաղորդակցութեան մեքանիզմներ ստեղծելու, մշակութային ու կառուցուածքային արգելքները յաղթահարելու եւ զոհերու աջակցութեան համաշխարհային ցանցը ընդլայնելու համար՝ յանուն աշխարհի տարածքին «աւելի ապահով Եկեղեցի» մը կերտելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/06/2026, 09:53