Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. Պապը կը շարունակէ իր ուղին եւ խաղաղութիւն կը քարոզէ

Պետական Քարտուղարը, «Casa Sollievo della Sofferenza» հիւանդանոցի 70-ամեակի հանդիսութիւններու ընթացքին, պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն՝ ԱՄՆ նախագահ Թրամփի՝ Լեւոն ԺԴ. Պապի հասցէին կատարած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ. «Պապը արդէն պատասխանած է, եւ այդ մէկը շատ քրիստոնէական պատասխան էր. ան կը կատարէ այն, ինչ իր դերը կը պահանջէ»։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Պապը կը շարունակէ իր ուղին՝ Աւետարանը քարոզելու եւ խաղաղութիւն սերմանելու իմաստով, ինչպէս Սուրբ Պօղոսը պիտի ըսէր՝ “opportune et importune” (պատեհ թէ անպատեհ առիթներով)»։ Այսպէս հաստատեց Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Սան Ճովաննի Ռոթոնտոյի «Casa Sollievo della Sofferenza» հիւանդանոցի 70-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս։

Ծիրանաւորը պատասխանեց լրագրողներու այն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Լեւոն ԺԴ.-ի դէմ ուղղուած «այլ յարձակումի մը»՝ ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի Վատիկան կատարած այցելութենէն երկու օր առաջ։

«Չեմ գիտեր, թէ արդեօք Պապը առիթ պիտի ունենայ պատասխանելու այս նոր յարձակումներուն», ըսաւ կարդինալը՝ ակնարկելով Ապրիլ 13-ին դէպի Ափրիկէ թռիչքի ընթացքին Լեւոն Պապի տուած պատասխաններուն. «Այն ատեն լրագրողներու հետ հանդիպում կար, սակայն ուղեգիծը կը մնայ նոյնը»։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը վերահաստատած է, որ Լեւոն ԺԴ. կը շարունակէ Աւետարանը եւ խաղաղութիւնը քարոզելու իր առաքելութիւնը՝ առանց թոյլ տալու, որ քննադատութիւնները, ներառեալ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ հնչածները, ազդեն իր վրայ։ Ըստ Փարոլինի՝ Պապը արդէն պատասխանած է «շատ քրիստոնէավայել» ձեւով՝ շեշտելով, որ իր պարտականութիւնը քաղաքական չէ, այլ հոգեւոր։

«Casa Sollievo della Sofferenza» հիւանդանոցի հիմնադրման 70-ամեակի տօնակատարութիւններուն ընթացքին, կարդինալը խօսած է նաեւ հիւանդանոցի դժուարութիւններուն մասին՝ բոլորին յորդորելով համագործակցիլ՝ տագնապը յաղթահարելու եւ առողջապահական համակարգի կանոնները յարգելու համար։ Ան նաեւ յիշեցուցած է Փատրէ Փիոյի կողմէ հիմնադրուած այս կառոյցի հոգեւոր արժէքը՝ ընդգծելով անոր շարունակական պաշտպանութիւնը։

Ի վերջոյ, Փարոլին յայտարարած է տեղական արհեստակցական միութիւններուն (սինտիքաներուն) հետ հանդիպման մը մասին՝ նպատակ ունենալով լսել անոնց պահանջները եւ խրախուսել համատեղ յանձնառութիւն մը՝ հիւանդանոցի ապագային համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2026, 15:08