Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը հրապարակեց երկու կարեւոր զեկոյցներ՝ Եկեղեցւոյ բարեփոխման մասին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
5 Մայիս, 2026-ին, Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը հրապարակեց երկու կարեւորագոյն զեկոյցներ, որոնք նոր շունչ կը հաղորդեն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներքին կառոյցներուն եւ հովուական մօտեցումներուն։ Թիւ 7 եւ թիւ 9 Ուսումնասիրական խումբերու ներկայացուցած փաստաթուղթերը կը կեդրոնանան եպիսկոպոսներու ընտրութեան չափանիշներուն եւ դաւանաբանական ու բարոյական բարդ հարցերու լուծման մեթոտաբանութեան վրայ։
Եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը՝ հաւաքական գործընթաց
Թիւ 7 խումբի զեկոյցը կը վերանայի եպիսկոպոսներու նշանակման կարգը՝ զայն վերածելով իրական «եկեղեցական զատորոշումի»։ Ըստ նոր առաջարկին, եպիսկոպոսի ընտրութիւնը պէտք չէ ըլլաւ միայն վերնախաւի որոշում, այլ պէտք է ներառէ տեղական եկեղեցին։
Զեկոյցը կը թելադրէ, որ թեմի մը մէջ յաջորդութեան հարց ծագած ատեն, հարկ է խորհրդակցիլ քահանայական եւ թեմական խորհուրդներուն հետ։ Աւելին, կը քաջալերուի լսել նաեւ աշխարհականներու, երիտասարդներու եւ աղքատներու ձայնը։ Ապագայ եպիսկոպոսէն կը պահանջուի «սինոդական հմտութիւն»՝ երկխօսութեան կարողութիւն եւ տեղական մշակոյթներուն հետ միաձուլուելու պատրաստակամութիւն։
«Յայտնուող հարցեր». Նոր մօտեցում բարդ խնդիրներուն
Թիւ 9 խումբի զեկոյցը կը ներկայացնէ լեզուական եւ մեթոտական լուրջ փոփոխութիւն։ Փոխանակ խօսելու «վիճայարոյց» հարցերու մասին, Եկեղեցին այսուհետեւ պիտի օգտագործէ «յայտնուող հարցեր» (emerging questions) եզրոյթը։ Նպատակը ոչ թէ պարզապէս խնդիր լուծելն է, այլ հաւաքական լսումի միջոցով ընդհանուր բարիքին հասնիլը։
Այս մեթոտը գործնականօրէն փորձարկուած է երկու զգայուն թեմաներու շուրջ.
Հաւատացեալ նոյնասեռականներու փորձառութիւնը. Եկեղեցին կը փորձէ հասկնալ անոնց հոգեւոր ուղին՝ առանց անմիջական դատավճիռներու։
Ակտիւ ոչ-բռնութիւնը. Որպէս օրինակ բերուած է սերպ երիտասարդներու շարժումը, որոնք քրիստոնէական արժէքներով ներշնչուած՝ խաղաղութեամբ նպաստեցին վարչակարգի փոփոխութեան։
Կարդինալ Կրեքի խօսքը
«Այս երկու զեկոյցները կը դիպչին եկեղեցական կեանքի սրտին», յայտնեց Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրեքը։ «Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ չկայ հովիւ առանց հօտի, եւ մեզի կու տան գործնական գործիքներ՝ առերեսուելու ամենադժուար կացութիւններուն հետ՝ առանց բարդութիւններէն փախուստ տալու»։
Զեկոյցներու ամբողջական բնագիրները հասանելի են Սինոդի պաշտօնական կայքէջին վրայ՝ www.synod.va
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ