Որոնել

Ակոսթինանում սրահին մէջ գիրքի ներկայացում Ակոսթինանում սրահին մէջ գիրքի ներկայացում 

«Շնորհքի ներքոյ ազատ». Փրեւոսթի հոգեւորականութիւնը եւ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ աղքատներուն ու երիտասարդութեան հանդէպ

Հռոմի մէջ ներկայացուած «Շնորհքի ներքոյ ազատ» հատորը կը վերլուծէ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի հոգեւոր մտածումը՝ շեշտը դնելով աղքատներու կեդրոնականութեան, գաղթականներու ընդունելութեան եւ արդարութեան վրայ։ Գիրքի շնորհանդէսի ընթացքին բանախօսները զգուշացուցին «անտարբերութեան համաշխարհայնացման» վտանգէն եւ ընդգծեցին երիտասարդութեան հոգեւոր մեկուսացումը յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը՝ համայնքային կեանքի ու երկխօսութեան միջոցաւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Շնորհքի ներքոյ ազատ» հատորի էջերը կը յայտնեն Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի մտածումն ու հոգեւորականութիւնը։ Գիրքը հրատարակուած է Վատիկանի Հրատարակչատան (Libreria Editrice Vaticana) կողմէ եւ ներկայացուեցաւՄայիս 6-ին, Հռոմի Օգոստինեան Քահանայապետական Հիմնարկի մեծ սրահին մէջ։ Գիրքին շնորհանդէսի ընթացքին, ելոյթ ունեցան Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ Մարիա Կրացիա Քալանտրոնէն, որոնք մեկնելով Լեւոն ԺԴ. Պապի մտորումներէն իրենց խօսքը կեդրոնացուցին աղքատութեան, գաղթականութեան տագնապի եւ երիտասարդութեան հոգեւոր մեկուսացումի հարցերուն վրայ։

Աղքատներու կեդրոնականութիւնը եւ «վերաբնակեցման» վտանգը

Կարդինալ Փարոլին մատնանշեց, որ ներկայացուած հատորին մէջ «աղքատ» եւ «աղքատութիւն» բառերը կը կրկնուին 195 անգամ։ Ըստ անոր, այս թիւը անհերքելի ապացոյցն է այն առաջնահերթութեան, զոր եկեղեցին կը տածէ հասարակութեան ամենատկար խաւերուն եւ գաղթականներուն հանդէպ։

Յիշեցնելով Փրեւոսթի 2010 թուականի հարցադրումը՝ թէ արդեօք պատրա՞ստ ենք ընդունելու օտարը որպէս Աստուծոյ զաւակ, թէ՞ կը նախընտրենք փակել սահմանները, Փարոլին դատապարտեց Եւրոպայի մէջ այսօր շրջանառուող «վերաբնակեցում» (remigrazione) եզրոյթը։ «Այդ բառը քրիստոնէական ոչինչ ունի իր մէջ», ըսաւ ան՝ յոյս յայտնելով, որ Լեւոն ԺԴ. Պապի յառաջիկայ այցելութիւնը Լամփետուզա (Յուլիս 4-ին) պիտի դառնայ վճռական հանգրուան մը՝ պայքարելու համար «անտարբերութեան համաշխարհայնացման» դէմ։

Դիւանագիտութիւն եւ արդարութիւն

Քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ, որ խաղաղութիւնը լոկ բարեպաշտական մաղթանք չէ, այլ կը պահանջէ կազմակերպուած ուժականութիւն։ Փարոլինի համաձայն՝ Փրեւոսթի ուսմունքը քաղաքական պատասխանատուները կը հրաւիրէ դիմելու «դիւանագիտութեան, բազմակողմանի յարաբերութիւններու եւ երկխօսութեան»՝ ի խնդիր արդարութեան, որ Աւետարանի պատգամին հիմնասիւնն է։

Երիտասարդութեան մենութիւնը «Թիք Թոք»-ի դարաշրջանին

Մարիա Կրացիա Քալանտրոնէն իր հերթին անդրադարձաւ հաղորդակցութեան ճգնաժամին։ Ըստ անոր, այսօրուան երիտասարդութիւնը, յափշտակուած «Թիք Թոք»-ի նման հարթակներով, կ’ապրի «յաւերժական ներկայի» մը մէջ, ուր չկայ սպասումի համբերութիւն կամ ստեղծագործական ձանձրոյթ։

«Տղաքը շարունակ մինակ են, բայց երբեք առանձին չեն (իրենց մտքերուն հետ)», դիտել տուաւ գրողը։

Ան հաստատեց, որ հաւատքն ու բանաստեղծութիւնը պէտք չէ ըլլան վերացական փախուստ իրականութենէն, այլ գործիքներ՝ ներաշխարհը հարստացնելու համար։ Քալանտրոնէի եզրակացութեամբ՝ «մենութենէ հիւանդացած աշխարհի մը մէջ», համայնքային կեանքն ու դիմացինին հանդէպ ծառայութիւնը կրնան դառնալ կեանքի ամենագրաւիչ ու փրկարար ձեւերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2026, 11:50