Գերպ Փեկորարօ Գերպ Փեկորարօ 

Գերպ Փեկորարօ «Արհեստական Բանականութիւնը չի կրնար առանձինն որոշել, թէ ինչն է արդարն ու մարդկայինը»

Լատերանեան Պալատին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին ընթացքին, Կեանքի Քահանայապետական Կաճառի նախագահ Ռենցօ Փեկորարօ շեշտեց, որ արհեստական բանականութիւնը չի կրնար փոխարինել մարդկային պատասխանատուութիւնը արդարն ու բարոյականը որոշելու հարցին մէջ: Ան յատկապէս ընդգծեց, որ տեխնոլոգիական նորարարութիւնները երբեք չէզոք չեն, եւ անոնց զարգացումը պէտք է միշտ ծառայէ անհատի արժանապատուութեան, հասարակաց բարիքին ու ամենատկարներու պաշտպանութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) կրնա՛յ ըլլալ արժէքաւոր օգնական մը, բայց չի կրնար առանձինն որոշել, թէ ինչն է արդար, մարդկային կամ պաշտպանութեան արժանի։ Այս պատասխանատուութիւնը կը մնայ մերը»։ Այսպէս շեշտեց Կեանքի Քահանայապետական Կաճառի նախագահ Գերյարգելի Ռենցօ Փեկորարօ՝ Երկուշաբթի, Մայիս 25-ի կէսօրէ ետք, Լատերանեան Պալատի Ժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովի բացման ընթացքին։

«Արհեստական Բանականութիւնը եւ մարդկային արժանապատուութեան ապագան. կամուրջ մը՝ ժողովրդագրական եւ զբաղուածութեան անցումներու միջեւ» խորագիրը կրող ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՊԱԿ-ի կողմէ՝ «Deloitte Central Mediterranean» ընկերութեան համագործակցութեամբ եւ Լատերանեան Քահանայապետական Համալսարանի հովանաւորութեամբ։ Գիտաժողովի բացման խօսքով հանդէս եկան գերապայծառ Փեկորարօ, «Deloitte»-ի գործադիր տնօրէն Ֆապիօ Փոմփէյ եւ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ Գիւղատնտեսութեան Կազմակերպութեան (FAO) ընդհանուր տնօրէն Տոնկիու Քիու։

Արհեստական բանականութեան զարգացումը պէտք է կապուի անհատի արժանապատուութեան

Իր խօսքին մէջ, Փեկորարօ ընդգծեց, թէ որքան նշանակալից է, որ Լեւոն ԺԴ. Պապի անդրանիկ շրջաբերականը՝ «Magnifica humanitas»-ը, իր գահակալութեան սկիզբէն կ՝անդրադառնայ այնպիսի հարցի մը, որ այսօր բոլորի աչքի առջեւ է. «Արհեստագիտութիւնը երբեք չէզոք չէ, երբ այն այդքան խորունկ կերպով կը թափանցէ աշխատանքի, խնամքի, ընկերային յարաբերութիւններու եւ հաւաքական որոշումներու մէջ»։

Շրջաբերականը մեզի կը յիշեցնէ, որ վճռորոշ հարցումը միայն այն չէ, թէ ինչ կրնա՛յ ընել արհեստական բանականութիւնը, այլ այն՝ թէ արդեօք անոր զարգացումը հաստատապէս պիտի ուղղուի՞ դէպի անձի արժանապատուութիւնն ու հասարակաց բարիքը։

«Խօսիլ կառավարման, դրամագլուխի, ժողովրդագրական անցման, աշխատանքի եւ հմտութիւններու մասին, կը նշանակէ հարց տալ, թէ ո՞վ կը վարէ այս գործընթացները, ի՞նչ չափանիշներով եւ ի՞նչ հետեւանքներով՝ յատկապէս ամենատկարներուն վրայ», պարզաբանեց Կեանքի Քահանայապետական Կաճարի նախագահը։

Մարդը չի կրնար վերածուիլ պարզ տուեալի

Ըստ նախագահին, Կաճարը լիովին կը զգայ այս պատասխանատուութիւնը՝ յիշեցնելու, որ նորարարութիւնը վաւերականօրէն մարդկային է միայն այն ատեն, երբ անհատը չի վերածեր պարզ գործառոյթի, տուեալի կամ արդիւնքի, այլ կը պաշտպանէ անոր արժանապատուութիւնը, ազատութիւնն ու յարաբերական կոչումը։

Այս առումով, «Rome Call for AI Ethics» (ԱԲ-ի բարոյագիտութեան Հռոմի կոչ) նախաձեռնութիւնը, որ Քահանայապետական կաճարը  շղթայազերծած էր 2020 թուականին, այսօր կ՝ստանայ նոր եւ աւելի զօրաւոր վաւերացում մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2026, 11:15