Փարոլին. Սուրբ Աթոռի գիծը հաստատուն է խաղաղութեան եւ զինաթափման հարցերուն մէջ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին երէկ երեկոյեան «Augustinianum»-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, վերահաստատեց, որ Սուրբ Աթոռի ուղեգիծը կը մնայ անսասան՝ ի նպաստ խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ միջուկային զինաթափման՝ պատասխանելով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի քննադատութիւններուն ուղղուած Լեւոն ԺԴ. Պապի հասցէին։ Ծիրանաւորը այս յայտարարութիւնը կատարեց ԱՄՆ Պետական Քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի Վատիկան ժամանումի նախօրէին եւ վերոնշեալ հաստատութեան մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապին նորատիպ գիրքի ներկայացման առիթով։
Լեւոն ԺԴ.-ի դէմ կատարուած յարձակումները տարօրինակ
Պետական քարտուղարը բացատրած է, թէ Ռուպիոյի հետ խօսակցութեան ընթացքին պիտի քննարկուին միջազգային հիմնական հարցերը՝ համաշխարհային հակամարտութիւններէն մինչեւ Լատին Ամերիկա եւ Քուպայի հայող հարցեր։ Իրանի պարագային, Վատիկանի ուղեգիծը կը մնայ բանակցութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ որպէս խաղաղութեան միակ ուղի, նշեց է ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը։
Կարդինալ Փարոլինը «տարօրինակ» որակեց Լեւոն ԺԴ.-ի դէմ կատարուած յարձակումները նշելով` որ «Պապը իր պարտականութիւնը կը կատարէ»՝ առանց անձնական վէճերու մէջ մտնելու։
Միջուկային զինաթափում
Ան հերքեց ապա այն տեսակէտը, թէ Քահանայապետը կը սատարէ Իրանի կողմէ միջուկային զէնքի տիրապետման՝ յիշեցնելով, որ Սուրբ Աթոռը միշտ աշխատած է միջուկային զինաթափման ուղղութեամբ։
Յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի հետ
Հակառակ լարուածութիւններուն, Միացեալ Նահանգները կը մնան անփոխարինելի զրուցակից Սուրբ Աթոռի համար յայտնեց ապա Փարոլինը որ ապա Պապի եւ Թրամփի միջեւ հնարաւոր հեռաձայնային խօսակցութեան մասին ընդգծեց` թէ Լեւոն ԺԴ.-ը բաց է երկխօսութեան եւ «երբեք ետ չէ կանգնած»։
Գերմանիոյ եկեղեցական հարցերը
Գերմանիոյ մէջ նոյնասեռ զոյգերու օրհնութեան հարցին անդրադառնալով, Ծիրանաւորը խօսեցաւ գերմանացի եպիսկոպոսներու հետ շարունակուող երկխօսութեան մասին եւ «կանխահաս» որակեց պատժամիջոցներու մասին խօսիլը։ Նպատակն է գտնել փոխադարձ լուծում մը՝ յարգելով կանոնական իրաւունքն ու Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը հաստատեց Ծիրանաւորը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ