Որոնել

PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT-GAZA-DISPLACED

Քահանայապետական Հիմնադրամ՝ փոխելու համար մարդկանց կեանքը

Ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւնը 2026 թուականին աւելի քան 15 միլիոն տոլար կը յատկացնէ 75 երկիրներու մէջ իրականացուող 144 ծրագիրներու համար, որ կը ներառէ դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ ջրամբարներու կառուցում, ինչպէս նաեւ պայքար՝ կանխահաս ամուսնութիւններու եւ շահագործման դէմ։ «Այն ազդեցութիւնը, զոր ունինք աղքատներուն եւ ամենախոցելի խաւերուն վրայ, Կազմակերպութեան նուէրն է Եկեղեցւոյ՝ այն նուէրը, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը մատուցէ իր հաւատացեալներուն ողջ աշխարհի մէջ»․ Կարդինալ Ֆիթզճերալտ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ննջարան Թանզանիոյ մէջ՝ աղջիկները կանխահաս ամուսնութենէ, մարդկային առեւտուրէ եւ սեռային բռնութիւններէ փրկելու, ինչպէս նաեւ տղաքը դպրոցական լքումէ հեռու պահելու համար, դպրոց՝ Հնդկաստանի մեկուսացած ցեղախումբերու երեխաներուն համար. գրադարան եւ արհեստագիտական կեդրոն՝ Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ. համակարգչային մասնագիտական վերապատրաստման դասընթացք՝ խոցելի կիներու համար Ֆիլիփիններու մէջ եւ ջրամբարներ՝ Կուինէայի մէջ։ Ասոնք միայն քանի օրինակներ են այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք «Papal Foundation Քահանայապետական Հիմնադրամ»ը որոշած է հովանաւորել 2026 թուականին։

Ամերիկեան բարեգործական Կազմակերպութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ նուիրատուութիւնները, որոնք գերազանցած են 15 միլիոն տոլարը, նախատեսուած են զօրակցելու Սուրբ Աթոռի կողմէ մատնանշուած աւելի քան 144 ծրագիրները՝ անոնց շարքին կաթողիկէ դպրոցներու, դասարաններու, վանքերու, որբանոցներու եւ բժշկական դարմանատուներու կառուցումն ու վերանորոգումը, 75 երկիրներու մէջ։

Հիմնադրամի Վարչական Խորհուրդի Նախագահն է Նիւ Եորքի Վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Թիմոթի Տոլանը։

Առաքելութեան առանցքը

«Կեանքեր փոխող այս յատկացումներուն սատարելը մեր առաքելութեան առանցքն է»,— կը նշէ «Papal Foundation»-ի նախագահ Ուորտ Ֆիթզճերալտը։ «Այն ազդեցութիւնը, որ մենք կը ձգենք աղքատներուն եւ ամենախոցելի խաւերուն վրայ, մեր կազմակերպութեան նուէրն է Եկեղեցւոյ, եւ այն նուէրը, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը մատուցէ իր հաւատացեալներուն ողջ աշխարհի մէջ»։

Նախագահին համար այս յատկացումները արդիւնք են հաւատարիմ տնտեսվարման եւ 2025 թուականին Վատիկանի կողմէ ներկայացուած դիմումներու ուշադիր վերանայման ու վաւերացման։ Այս ծիրէն ներս յատկանշական է «Papal Foundation»ի անդամներու թիւի մշտական աճը. Լեւոն ԺԴ. Պապի ընտրութենէն ի վեր անոր միացած են եւս 25 անդամներ։ Ասիկա կը փաստէ «հզօր թափ եւ աւելի խորունկ յանձնառութիւն այն կաթողիկէներուն միջեւ, որոնք լծուած են զօրակցելու Սրբազան Քահանայապետի առաքելութեան՝ ի սպաս աղքատներուն», կը յարէ ան։

Իր հիմնադրումէն 38 տարի անց, «Papal Foundation»-ը բաշխած է աւելի քան 270 միլիոն տոլար՝ որպէս նուիրատուութիւն, կրթաթոշակ եւ մարդասիրական օգնութիւն՝ աւելի քան 2700 ծրագիրներու համար, որոնք ընտրուած են Լեւոն ԺԴ., Ֆրանչիսկոս, Պենետիկտոս ԺԶ. եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետերու կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2026, 08:00