Կարդինալ Փարոլին Զուիցերիական Պահակագունդին. «Աստուծոյ կառչած՝ խոնարհութեամբ եւ ծառայութեամբ լեցուն կեանքի մը մէջ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 6 Մայիս 2026-ին, Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայապետական Զուիցերական Պահակագունդի պահակներու երդման արարողութիւնը, նախագահութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը իր խօսքը կեդրոնացուց Աւետարանի «Ես եմ որթատունկը, դուք՝ ճիւղերը» (Յովհ. 15,5) պատգամին վրայ:
Կենսական կապը Տիրոջ հետ
Կարդինալ Փարոլին շեշտեց, որ Քրիստոսի հետ միութիւնը լոկ նշանաբան մը չէ, այլ կենսական կապ, առանց որուն ճիւղը կը չորնայ ու կը դառնայ անպիտան: Պահակագունդի նոր պահակներուն ուղղած խօսքին մէջ ծիրանաւորը նշեց, որ այս կապը պէտք է ըլլայ իրենց ծառայութեան «բեւեռային աստղը»՝ Պապին եւ համընդհանուր Եկեղեցւոյ մատուցած իրենց նուիրումին ընթացքին:
Հոգեւոր աճի երեք հանգրուանները
Մեկնաբանելով Յովհաննու Աւետարանը՝ ծիրանաւորը նշեց, որ «Յովհաննէս աւետարանիչին հատուածը կը յստակեցնէ երեք վճռորոշ քայլեր այն լուռ ու ծածուկ աշխատանքին, որով Աստուծոյ Խօսքը մեզ կերտելով՝ Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտներ կը դարձնէ, այսինքն՝ որթատունկին միացած ուռեր։ Ասոնք երեք «փուլեր» են. սակայն զանոնք պէտք չէ հասկնալ ժամանակագրական յաջորդականութեամբ, այլ՝ որպէս յաճախ իրարու խառնուած եւ միաժամանակեայ պահեր։ Անոնք են՝ մաքրագործումը, մնալը եւ առատ պտուղ տալը։ Արդ, նկատի առնենք այս երեք պահերը»։
Քարոզին մէջ կարդինալ Փարոլին յիշեց Սուրբ Գրիգոր Մեծը՝ նշելով, որ սուրբը աշխարհականի մը՝ կայսեր բժիշկին ուղղուած նամակի մը մէջ հետեւեալ հրաւէրը կը կատարէ. «Ուստի ջանա՛ ամէն օր խորհրդածել Արարիչիդ խօսքերուն շուրջ։ Սորվէ՛ ճանչնալ Աստուծոյ սիրտը Աստուծոյ խօսքերուն մէջ»։ «Ահաւասիկ. կրնանք ըսել, թէ Տէր Յիսուսի մէջ կը մնանք, երբ ճանչցած ենք Անոր սիրտը։ Տիրոջ անհուն բարութենէն բան մը նշմարելով՝ կը սկսինք մեր օրերը ապրիլ Անոր կամքին համաձայն՝ որպէս բնական պատասխան Անոր, որ մեզ իրապէս կը սիրէ ու կը հասկնայ»։
Կարդինալ Փարոլին եզրափակեց քարոզը քաջալերելով Քահանայապետական Զուիզերական Պահակագունդի պահակները.
«Սիրելի՛ երիտասարդներ, մինչ կը պատրաստուիք որպէս Զուիցերական թիկնապահներ ձեր հանդիսաւոր երդումը կատարելու, կրնամ պատկերացնել ձեր յուզումը. թերեւս չի պակսիր նաեւ որոշ երկիւղ մը։ Բայց մի՛ վախնաք։ Ձերը դարձուցէ՛ք Սուրբ Նիկողայոս Ֆլիւացիի յիշատակելի խօսքերը. «Եթէ խոնարհութիւն եւ հաւատք ունենամ, չեմ կրնար ուղիէս շեղիլ»։ Խոնարհութիւնն ու հաւատքը պիտի ըլլան ձեր ուժը»։
Ծիրանաւորը քարոզը աւարտեց հայցելով Աստուածամօր եւ պահակագունդի պաշտպան սուրբերուն բարեխօսութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ