հիւլէական ռումբեր հիւլէական ռումբեր  (ANSA)

Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման իրաւունքը

Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցած Հիւլէական զէնքերու չտարածման պայմանագրի վերանայման խորհրդաժողովին ընթացքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցած Հիւլէական զէնքերու չտարածման պայմանագրի վերանայման խորհրդաժողովին ընթացքին:

Նիւ Եորքի մէջ կայացած նիստին, Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնը պէտք է ծառայեն մարդկութեան բարօրութեան: Ըստ յայտարարութեան, բոլոր պետութիւնները իրաւունք ունին օգտուելու հիւլէական ուժանիւթէն խաղաղ նպատակներով, պայմանաւ որ յարգեն զէնքերու չտարածման յանձնառութիւնները:

Սուրբ Աթոռը յատուկ կարեւորութեամբ նշեց Միջազգային հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան (IAEA) դերը՝ անվտանգութեան երաշխաւորման եւ զարգացող երկիրներուն օժանդակելու հարցով: Շեշտուեցաւ, որ հիւլէական արհեստագիտութիւնը կարեւոր լուծումներ կու տայ բժշկութեան, երկրագործութեան եւ ջուրի կառավարման մարզերուն մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ լուրջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ զինեալ բախումներու ժամանակ հիւլէական կայաններու անվտանգութեան վերաբերեալ: Վատիկանը յիշեցուց միջազգային համաձայնութիւնը, թէ զինուորական յարձակումները նման վայրերու վրայ բացարձակապէս արգիլուած են, քանի որ անոնք կրնան պատճառել աղետալի ճառագայթային հետեւանքներ թէ՛ տուեալ երկրի եւ թէ՛ շրջակայ տարածքներու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2026, 14:40