Որոնել

2025.12.04 Sede dello IOR

IOR-ը հրապարակեց 2025-ի տարեկան հաշուեկշիռը. 51 միլիոն շահոյթ

Կրօնական Գործերու Հաստատութիւնը (IOR) հրապարակած է տարեկան տեղեկագիրի 14-րդ հրատարակութիւնը, որ կը բովանդակէ անցեալ տարուան գործունէութեան հաշուեկշիռը։ Կարդինալական Յանձնախումբը որոշած է Պապին յատկացնել 24,3 միլիոն եւրօ շահաբաժին, որ 2024 թուականի համեմատ արձանագրած է 76,1% աճ։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Կրօնական Գործերու Հիմնարկը (IOR) 2025 տարեշրջանի իր հաշուեկշիռը փակած է 51 միլիոն եւրոյի մաքուր շահոյթի մրցանիշով, որ նախորդ տարուան համեմատ աճած է 55,5%։ Շնորհիւ հիմնարկի դրական արդիւնքներուն եւ սեփական ամրութեան, Կարդինալական Յանձնաժողովը վաւերացուցած է 24,3 միլիոն եւրոյի շահաբաժին մը՝ յատկացուած Պապին, որ 2024-ի համեմատ 76,1% յաւելում մըն է։

Ըստ Տարեկան Տեղեկագիրին, այս աճին նպաստած են յաճախորդներու աւանդներու աւելացումը, դրամագլուխներու զգուշաւոր կառավարումը եւ շուկայի նպաստաւոր պայմանները։

IOR-ի կողմէ կառավարուող ընդհանուր աւանդները հասած են 5,9 միլիարդ եւրոյի, իսկ սեփական հարստութիւնը բարձրացած է 815,3 միլիոնի։ Բաւական բարձր է նաեւ «Tier 1 ratio»-ն՝ 71,9%, որ կը հաստատէ հիմնարկի տնտեսական զօրաւոր կայունութիւնը։

2025-ին, IOR-ը նաեւ հզօրացուցած է իր թուային ծառայութիւնները՝ ներմուծելով «online banking» համակարգը, եւ սերտացուցած է յարաբերութիւնները կրօնական միաբանութիւններու ու կաթողիկէ ներդրողներու հետ։ Հաշուեկշիռը «Deloitte & Touche» վերստուգիչ ընկերութեան կողմէ ստացած է «առանց վերապահութեան» վճիռը։

Հիմնարկը յայտարարած է նաեւ 2026-2028 տարիներու նոր Ռազմավարական Ծրագիրը, որուն հիմքն են յաճախորդակեդրոնութիւնը, խոհեմութիւնը եւ ապահովութիւնը։

Յայտնենք` որ Վարչական կառոյցի մակարդակով, Ժան-Պաթիսթ տը Ֆրանսուն (Jean-Baptiste de Franssu) աւարտած է նախագահի իր պաշտօնավարութիւնը եւ իրեն փոխարինած է Ֆրանսուա Փոլին (François Pauly)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2026, 14:32