Որոնել

2025.06.19 Visita a Santa Maria di Galeria

Ուժի մէջ է Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ միջեւ համաձայնագիրը

Սանթա Մարիա տի Կալերիայի մէջ արեւային-երկրագործական (agrivoltaic) համակարգի հաստատման համար

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Պաշտօնապէս ուժի մէջ մտած է Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, որ կը վերաբերի Սանթա Մարիա տի Կալերիայի արտատարածքային (extraterritorial) գօտիին մէջ արեւային-երկրագործական համակարգի մը կառուցման։ Այս վայրը Վատիկանի Ձայնասփիւռի հաղորդիչներու պատմական կեդրոնն է։ Անցեալ Յուլիսին ստորագրուած համաձայնագիրի 5-րդ յօդուածով նախատեսուած ընթացակարգերը աւարտած են Մայիս 27-ին։

Այս ծրագիրը ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato si’» շրջաբերականէն (enciclica) եւ նպատակ ունի վերականգնողական աղբիւրներու միջոցով ապահովել Վատիկան պետութեան ուժանիւթի ինքնաբաւութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ երաշխաւորելով ձայնասփիւռի կայանի անխափան գործունէութիւնը։

Նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած էր 2024 Յունիսին՝ Ֆրանչիսկոս Պապի «Fratello sole» (Եղբայր արեւ) կոնդակով (motu proprio), որով ան յանձնարարած էր ընթացք տալ համակարգի կառուցման։ Նպատակն է արեւային ուժանիւթի արտադրութիւնը համադրել հողերու պահպանման եւ անոնց գիւղատնտեսական օգտագործման հետ։

Լեւոն ԺԴ Պապը, 2025 Յունիսին կատարած իր այցելութեան ընթացքին, այս ծրագիրը որակած էր որպէս «գեղեցիկ առիթ մը» եւ յստակ օրինակ մը՝ արարչագործութեան պահպանման ու կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի մէջ Եկեղեցւոյ ունեցած յանձնառութեան։

Մասնագիտական գետնի վրայ, ծրագիրը կը նախատեսէ նորարարական լուծումներ, որոնք ընդունակ են նուազեցնելու շրջակայ միջավայրի վրայ ձգուած ազդեցութիւնը, պահպանելու տարածքի ջրատնտեսական հաւասարակշռութիւնը եւ պաշտպանելու հողամասի մշակութային ու բնապատկերային ժառանգութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2026, 08:59