Գերապ. Կալլակեր «Ճշմարիտ խաղաղութիւնը կը ծնի եղբայրութենէն. միայն Աստուծոյ մէջ մարդը ապահով է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար, գերապայծառ Փօլ Ռիչարտ Կալակէր, Քափօ Վերտէ կատարած իր պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, յստակ պատգամ մը ուղղեց համայն աշխարհին. «Ապահովութիւնը չի ծնիր զինուելէն, այլ Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ ունեցած վստահութենէն»։
Մայիս 10-ին, Փրաիայի Տիրամօր նուիրուած ծխական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Արքեպիսկոպոսը նշեց Սուրբ Աթոռի եւ Քափօ Վերտէի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման 50-ամեակը։
Զինամոլութեան դէմ՝ եղբայրութեան տեսլական
Իր քարոզին մէջ Կալակէր շեշտեց, որ աշխարհը այսօր «յուսահատ կարիքն» ունի ճշմարիտ խաղաղութեան։ Ան հերքեց այն թիւր կարծիքը, թէ սպառազինութիւնը կրնայ երաշխաւորել անվտանգութիւնը։
«Կեղծ է այն գաղափարը, թէ որքան շատ զինուած ըլլանք, այնքան աւելի ապահով պիտի զգանք։ Միայն Աստուծոյ զօրութեամբ է, որ կրնանք իսկապէս ապահով ըլլալ», ըսաւ ան՝ յորդորելով մարդկութեան յիշել, որ բոլորս նոյն Հօր զաւակներն ենք։
Եկեղեցի-Պետութիւն համագործակցութիւն
Անդրադառնալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն, գերապայծառը յիշեց 2013-ին ստորագրուած համաձայնագիրը, որ ամրապնդեց Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը կրթական եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ։ Ան ընդգծեց, որ Եկեղեցին ունի բարոյական իրաւունքն ու պարտականութիւնը՝ ձայն բարձրացնելու, երբ վտանգուած են մարդկային հիմնական իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը։
Արքեպիսկոպոսը երախտագիտութիւն յայտնեց Քափօ Վերտէի իշխանութիւններուն՝ երկարամեայ արդիւնաւէտ գործակցութեան համար, յատկապէս նկատի առնելով, որ Սանթիակօ տը Քափօ Վերտէի թեմը շուտով պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 500-ամեակը։
Սէրը որպէս գործողութիւն
Մեկնաբանելով Յովհաննու Աւետարանը՝ Կալակէր նշեց, որ աստուածային սէրը մեզի կը միացնէ հաւատարմութեան եւ հաղորդութեան կապերով։ Ըստ անոր, Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ ըլլայ դպրոցներու, թէ հիւանդանոցներու միջոցով, ոչ թէ ժամանակաւոր շահեր հետապնդելն է, այլ ի նպաստ համայն մարդկութեան ծառայելը։
Իր խօսքի աւարտին, գերապայծառը վերահաստատեց, որ խաղաղութիւնը պարզապէս հակամարտութիւններու բացակայութիւնը չէ, այլ «կեանքի եւ բարիքի լիութիւնը»։
Արքեպիսկոպոս Կալակերի այցելութիւնը Քափօ Վերտէ պիտի շարունակուի մինչեւ Մայիս 14։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ