Պուտտիզմէն եւ քրիստոնէութենէն՝ կենսական նպաստներ՝ յանուն «զինաթափող խաղաղութեան» մը»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Միջկրօնական երկխօսութեան վերատեսչութիւնը, Վեսաքի (Vesak) տօնին առիթով, շնորհաւորական յատուկ պատգամ մը յղեց աշխարհի պուտտիստ համայնքին։ 2026 թուականի այս պատգամը, որ կը կրէ «Պուտտիստներ եւ քրիստոնեաներ՝ յանուն զինաթափ եւ զինաթափող խաղաղութեան մը» խորագիրը, ահազանգ կը հնչեցնէ համաշխարհային բռնութեան դէմ եւ կը շեշտէ կրօններու դերը հաշտութեան գործընթացին մէջ։
Խաղաղութիւնը՝ աւելին քան պատերազմի բացակայութիւն
Պատգամին մէջ կը մէջբերուի Լեւոն ԺԴ Պապի խօսքը, ուր նորին Սրբութիւնը խաղաղութիւնը կը բնորոշէ որպէս «յաւերժութեան շունչ»։ Ըստ Վատիկանի, խաղաղութիւնը սոսկ զինադադար չէ, այլ ներքին հզօր ներկայութիւն մը, որուն առջեւ չարիքին պէտք է ըսել՝ «Բաւ է՛», իսկ խաղաղութեան՝ «Ընդմի՛շտ»։
Փաստաթուղթը կը նշէ, որ մեր օրերուն խաղաղութիւնը վտանգուած է ազգայնականութեան, կրօնի գործիքաւորման եւ թշնամանքի պատճառով։ Այս մթնոլորտին մէջ, քրիստոնեաներն ու պուտտիստները կոչուած են որդեգրելու «զինաթափող խաղաղութիւն» մը, որ չի հիմնուիր ուժի վրայ, այլ կը բխի գթասիրութենէ եւ փոխադարձ վստահութենէ։
Հոգեւոր աւանդութիւններու հասարակաց եզրերը
Վատիկանը կը մատնանշէ երկու կրօններու հիմնական ուսուցումները.
Պուտտիզմ. Ըստ Տհամմափատայի, ատելութիւնը երբեք չի հանդարտիր ատելութեամբ, այլ միայն սիրով։
Քրիստոնէութիւն. Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց սիրել իրենց թշնամիները եւ աղօթել հալածողներուն համար։
Այս սկզբունքներուն լոյսին տակ, կրօնական առաջնորդները կը յորդորուին չըլլալ լուռ դիտորդներ, այլ դառնալ «խաղաղութեան արհեստաւորներ», որոնք ունակ են բուժելու վէրքերը եւ վերականգնելու վստահութիւնը։
Պատասխանատուութիւն իշխանութիւններու առջեւ
Պատգամը նաեւ քաղաքական կոչ մը կը պարունակէ. հաւատացեալները պէտք է պահանջեն իշխանաւորներէն, որպէսզի վերջ տան բաժանարար քաղաքականութեան եւ ընտրեն երկխօսութեան ուղին։ «Մենք պէտք է զգուշանանք լռութեան կամ վախի միջոցով յանցակից դառնալէ», կը շեշտուի գրութեան մէջ։
Պատգամը ստորագրուած է Միջկրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան պետ՝ Ճորճ Ճէյքըպ Կարդինալ Քուվաքատի եւ քարտուղար՝ Ինտունիլ Ժանակարաթնէ Քոտիթուվաքուի կողմէ։ Անոնք իրենց բարեմաղթութիւնները կը յայտնեն պուտտիստներուն՝ յոյս յայտնելով, որ Վեսաքի տօնը ներշնչանքի աղբիւր դառնայ համատեղ խաղաղութեան ճամբուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ