Վատիկանի մէջ գումարուեցաւ Կաթողիկէ–Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու երկխօսութեան Գործադիր Յանձնախումբի նիստը
Վատիկան
12 Մայիս 2026-ին, Հռոմի մէջ, Քրիստոնէական Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Գրասենեակի մէջ, գումարուեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միացեալ Միջազգային Յանձնաժողովի Գործադիր Յանձնախումբի նիստը։ Հանդիպումին նպատակն էր անդրադառնալ յանձնաժողովին ապագայ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ արժեւորել վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին արձանագրուած յառաջդիմութիւնը։
Նիստը համանախագահեցին Նորին Վսեմութիւն Կարդինալ Քուրթ Քոխ եւ Նորին Սրբազնութիւն Եպիսկոպոս Կիւրեղոս։ Ներկայ էին նաեւ համաքարտուղարները՝ Գերաշնորհ Արքեպիսկոպոս Նարեկ Ալեմեզեան եւ Հայր Հիասինթ Տեստիվելլ։ Դիտորդի կարգավիճակով մասնակցեցան նաեւ Գերաշնորհ Արքեպիսկոպոս Խաժակ Պարսամեան, Գերաշնորհ Մետրոպոլիտ Բառնաբա Էլ Սորիանին եւ Նորին Գերազանցութիւն Եպիսկոպոս Թովմաս Ատլի Զաքի։
Այս հաւաքը կազմակերպուած էր՝ ի պատասխան յանձնաժողովի 2024 թուականի լիագումար նիստին ընթացքին կատարուած առաջարկին։ Այդ առիթով անդամները առաջարկած էին, որ Միացեալ Միջազգային Յանձնաժողովի 20-ամեակը պատեհ առիթ հանդիսանայ վերանայելու երկխօսութեան ընթացքին պատրաստուած փաստաթուղթերը եւ խորհրդածելու որդեգրուած եղանակաբանութեան շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագայի աշխատանքներուն համար հնարաւոր բարելաւումներ ճշդել։
Հռոմի մէջ կայացած այս հանդիպումին ընթացքին մասնակիցները խոր եւ էական քննարկումներ ունեցան թէ՛ յանձնաժողովի անցեալ գործունէութեան գնահատման, եւ թէ՛ երկխօսութեան յաջորդ փուլերուն վերաբերեալ։ Այս խորհրդածութիւններուն արդիւնքով մշակուեցաւ փաստաթուղթ մը, որ այժմ պիտի ներկայացուի համապատասխան եկեղեցական իշխանութիւններուն՝ քննութեան եւ հնարաւոր հետագայ քայլերու համար։
Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2026-ին, մասնակիցները նաեւ առիթ ունեցան ողջունելու Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ.րդ Պապը, ինչ որ նշանակալից պահ մը հանդիսացաւ իրենց Հռոմի այցելութեան ընթացքին։
Այս հանդիպումը վերահաստատեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու յանձնառութիւնը՝ փոխադարձ հասկացողութիւնը խորացնելու եւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը աւելի ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Քսանամեայ իր աշխատանքը նշող յանձնաժողովին համար այս վերջին հաւաքը կարեւոր հանգրուան մը կը նկատուի, քանի որ անիկա նոր քայլ մը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս կարելի է երկխօսութիւնը շարունակել եւ զարգացնել յառաջիկայ տարիներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ