Որոնել

Հայիթիի խաղաղութեան համար սուրբ պատարագ Հայիթիի խաղաղութեան համար սուրբ պատարագ  (@VATICAN MEDIA )

Փարոլին. անմարդկային շահերը կը սնանեն մարդկային առեւտուրն ու պատերազմները, որոնք կը քայքայեն ընկերութիւնները

Պետական քարտուղարը Սանթա Մարիա Մաճորէ պազիլիքայի Սֆորցա մատրան մէջ գլխաւորեց Հայիթիի խաղաղութեան համար Սուրբ Պատարագը եւ այս առիթով արտասանած Իր քարոզին մէջ յորդորեց անտարբեր չմնալ աշխարհի տառապանքներուն դիմաց. «Աստուած կը լսէ անիրաւութեան եւ թշուառութեան բոլոր զոհերուն աղաղակը», ներառեալ անոնց, որոնք քարիպեան այդ երկրին մէջ «կը ձգտին բռնութենէ զերծ ներկայութեան մը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Սանթա Մարիա Մաճորէ պազիլիքայի Սֆորցա մատրան մէջ գլխաւորեց Հայիթիի խաղաղութեան նուիրուած Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ զօրաւոր կոչ ուղղեց պատերազմներու, բռնութեան եւ մարդկային առեւտուրի դէմ, զոր որակեց որպէս «անմարդկային շահերով» սնանող վէրքեր։

Քարոզի կեդրոնը եղաւ Հայիթիի ողբերգական իրավիճակը, ուր 2021 թուականէն ի վեր յանցաւոր խմբաւորումներու բռնութիւնը հազարաւոր զոհերու եւ աւելի քան մէկ միլիոն տեղահանուածներու պատճառ դարձած է։

Փարոլինը յիշեցուց, որ իսկական խաղաղութիւնը չի ծնիր ուժէն կամ խաբէութենէն, այլ՝ հաշտութենէն եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքէն։ Ան շեշտեց, որ «Աստուած կը լսէ անարդարութեան եւ թշուառութեան զոհերուն պաղատանքը» եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց համագործակցելու՝ վերակառուցելու համար հաստատութիւնները եւ երաշխաւորելու հայիթիի ժողովուրդին իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայիթիի վարչապետ Ալիքս Տիտիէ Ֆիլս-Էմէն, որ ժամանած էր Վատիկան եւ հանդիպում ունեցած Լեւոն ԺԴ Պապին հետ։

Իր քարոզի աւարտին, Ծիրանաւորը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ հովանիին յանձնեց բոլոր անոնք, որոնք այդ երկրին մէջ ամէն օր կը շարունակեն աշխատիլ յանուն խաղաղութեան եւ ի նպաստ ամենատկարներուն։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2026, 09:00