Կարդինալ Կուճերոթթի նոր քաղդէացի պատրիարքի գահակալութեան ընթացքին. «Պահպանել հաւատարմութիւնն ու ծառայութիւնը»:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 29 մայիսին, Պաղտատի Սուրբ Յովսէփ տաճարին մէջ հոգեպարար ու պատմական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ Քաղդէացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Պօղոս Գ. Նոնայի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Արարողութեան, որուն կը մասնակցէին քրիստոնէական եւ իսլամական համայնքներու բարձրաստիճան հոգեւորականներ, պետական ու դիւանագիտական դէմքեր, ներկայ էր նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին:
Ծիրանաւորը, յանուն Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին, փոխանցեց Վատիկանի օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը:Իր արտասանած պատգամին մէջ, Կարդինալ Կուճերոթթի ընդգծեց քաղդէական եկեղեցւոյ դարաւոր ու հերոսական անցեալը՝ զայն որակելով «առաքելական եւ զարմանահրաշ առաքելութեամբ օժտուած եկեղեցի մը», որ իր արմատները կը քաղէ անմիջապէս Յիսուսի քայլած սրբազան հողերէն:
Դարաւոր պատմութիւն, մշակութային կամուրջ եւ մարտիրոսութիւն
Կարդինալ Կուճերոթթի, դրուատիքով անդրադարձաւ քաղդէական եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութեան, որ Քրիստոսի Աւետարանը հասցուց մինչեւ Հնդկաստան եւ Չինաստան՝ յարգանք պարտադրելով նաեւ ոչ քրիստոնեայ թագաւորութիւններու մօտ:
Ան յատկապէս յիշեցուց այն մեծ աւանդը, զոր քաղդէացի վանականներն ու թարգմանիչները ունեցած են յունական դասական մշակոյթը արաբական եւ եւրոպական աշխարհներուն փոխանցելու գործին մէջ: «Մարտիրոսութիւնը ձեր պատմութեան բաղկացուցիչ տարրն է. հերոսական վկայութիւն՝ առանց մարդկային կեանքերու խնայողութեան, որ շարունակուեցաւ մինչեւ մեր օրերը», նշեց Վատիկանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը՝ ակնարկելով Միջին Արեւելքի վերջին շրջանի տագնապներուն եւ արեան գնով պահուած հաւատքին:
Արդի մարտահրաւէրները եւ հովուական առաքելութիւնը
Անդրադառնալով ներկայ դժուարին պայմաններուն եւ տիրող անկայունութեան պատճառով յառաջացած քաղդէական սփիւռքին, Կարդինալ Կուճերոթթի յորդորեց նորընտիր Պատրիարքը՝ ըլլալ հայր, վարդապետ եւ սրբութեան կենդանի օրինակ: Ան շեշտեց, որ հակառակ երկրի ընդհանուր տագնապալի կացութեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հարստութիւնը, թէեւ «կաւէ անօթներու մէջ պահուած», կը մնայ ամուր:
Նոր հովուապետին առջեւ դրուած գլխաւոր մարտահրաւէրները յստակ են. Աւետարանի քարոզչութեան նախապատուութիւն. Վեր դասուած ամէն տեսակ մարդկային, վարչական կամ քաղաքական շահերէ: Մօտիկութիւն աղքատներուն եւ երիտասարդութեան. Յոյս ներշնչելով անոնց, որոնք կը փնտռեն նոր ուժ եւ ապագայի տեսլական:Եկեղեցականներու կատարեալ թափանցիկութիւն. Զերծ անձնական յաւակնութիւններէ եւ նիւթապաշտութենէ:
Վատիկանի զօրակցութիւնն ու սինոդական ոգին
Կարդինալը Կուճերոթթի վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի անվերապահ աջակցութիւնը Պաղտատի Աթոռին՝ յայտնելով, որ Հռոմը չի կրնար թոյլ տալ, որ պատմական կամ քաղաքական պատճառներով քաղդէական եկեղեցւոյ ձայնը տկարանայ: Ան յիշեցուց նաեւ, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը շուտով կը սպասէ Պատրիարքին Վատիկանի մէջ՝ եկեղեցական հաղորդութեան հանրային պաշտօնական արարողութեան համար:
Ելոյթի աւարտին, Արեւելեան Եկեղեցիներուն վերատեսուչը կոչ ուղղեց բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ հոգեւորականներուն՝ գործելու կատարեալ եղբայրութեամբ, հեռու մնալով հակաճառութիւններէն, որպէսզի Սուրբ Հաղորդութիւնը դառնայ խաղաղութեան եւ միութեան միակ աղբիւրը:
Ան Սուրբ Հոգիի եւ Յարուցեալ Քրիստոսի օրհնութիւնը հայցեց Պաղտատի նորընտիր Հայրապետին եւ համայն քաղդէացի ժողովուրդին վրայ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ