«Վատիկանի դիւանագիտութիւնը դարերէ ի վեր լծուած է խաղաղութեան ծառայութեան». Գերապ. Կալլակէր
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալակէր, Քապօ Վերտէ կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին վերահաստատեց Վատիկանի դիւանագիտութեան հիմնարար դերը համաշխարհային խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան գործին մէջ։
Այցելութիւնը կը զուգադիպի Սուրբ Աթոռի եւ Քապօ Վերտէի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման 50-ամեակին։ Երկուշաբթի, 11 Մայիսին տուած իր դասախօսութեան ընթացքին, արքեպիսկոպոսը ներկայացուց պապական դիւանագիտութեան պատմական ընթացքն ու այսօրուան մարտահրաւէրները։
Դարաւոր աւանդոյթ եւ Համաշխարհային մարտահրաւէրներ
Գերպ Կալլակեր նշեց, որ Սուրբ Աթոռը ներկայիս դիւանագիտական կապեր կը պահպանէ 184 պետութիւններու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտին հետ։ Ան ընդգծեց, որ Վատիկանի դիւանագիտութիւնը, որուն արմատները կը հասնին մինչեւ ԺԱ. դար, միայն քաղաքական գործիք չէ, այլ ծառայութիւն՝ ուղղուած արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան։
Իր խօսքին մէջ անդրադառնալով ներկայիս աշխարհի վիճակին, քարտուղարը մատնանշեց կարգ մը «համաշխարհային մարտահրաւէրներ», որոնցմէ են՝
Զինեալ հակամարտութիւնները եւ կլիմայական տագնապը, գաղթականութիւնը եւ անհաւասարութիւնը, Թմրեցուցիչի տարածումը եւ արժէքներու ճգնաժամը։
Պատմական Յիշատակում. Եկեղեցին եւ Ափրիկեան ինքնիշխանութիւնը
Արքեպիսկոպոսը յատուկ յիշատակութեամբ անդրադարձաւ 1970 թուականին Պօղոս Զ. Պապի կողմէ ափրիկեան անկախութեան շարժման առաջնորդներու ընդունելութեան։ Ան շեշտեց, որ թէեւ այդ հանդիպումը ժամանակաւոր լարուածութիւն ստեղծած էր Փորթուքալի հետ, սակայն ատիկա Եկեղեցւոյ քաջարի կեցուածքն էր՝ ի նպաստ ափրիկեան ժողովուրդներու ազատութեան եւ արժանապատուութեան։
Եկեղեցւոյ դերը Քապօ Վերտէի մէջ
Խօսելով տեղական մակարդակի վրայ Եկեղեցւոյ ներկայութեան մասին՝ Կալլակեր արքեպիսկոպոս յիշեցուց, որ կաթողիկէ միսիոնարները կղզեխումբի առաջին բնակիչներէն եղած են 1462 թուականին։ Անոնք մեծապէս նպաստած են երկրի մշակոյթի, արուեստի եւ կրթական համակարգի ձեւաւորման։
«Եկեղեցին չի առաջարկեր քաղաքական կամ տնտեսական համակարգեր, այլ կը պահանջէ յարգել մարդկային արժանապատուութիւնը եւ երաշխաւորել ազատութիւնը՝ իր առաքելութիւնը կատարելու համար», ըսաւ ան։
Յոյսի դիւանագիտութիւն
Դասախօսութեան աւարտին, Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց որդեգրելու «յոյսի եւ արժէքներու դիւանագիտութիւն» մը, որ հիմնուած է սիրոյ եւ ճշմարտութեան վրայ։ Ան քաջալերեց Քապօ Վերտէի ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը՝ շարունակելու իրենց ուղին յանուն ընդհանուր բարիքին, արդարութեան եւ միասնականութեան։
Նոյն օրը, արքեպիսկոպոսի ներկայութեամբ, ստորագրուեցաւ 2013-ի երկկողմանի համաձայնագրի գործադրութեան արձանագրութիւնը, որ նոր թափ պիտի տայ առողջապահական եւ կրթական մարզերուն մէջ գործակցութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ