2026.05.28 60 anni Radio Vaticana Armena B

Վատիկանի ձայնասփիւռի հեղինակաւոր ձայնը՝ խաղաղութեան, ընկերային արդարութեան, եղբայրութեան, համակեցութեան ու սիրոյ փարոս եւ երաշխիք․ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարք

Երեկ երեկոյեան՝ 28 Մայիսին Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի Հայկական Բաժանմունքը հանդիսաւորութեամբ տօնախմբեց զոյգ Յոբելեաններ՝ Ռատիօ Վատիկանի հիմնադրման 95ամեակը եւ Ռատիօ Վատիկանի Հայկական Բաժանմունքի գործունէութեան 60ամեակը։ «Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի հեռատես նախաձեռնութեան շնորհիւ, հայերէն լեզուն մուտք գործեց Պապին Ռատիոյի յայտագիրներէն ներս։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի վեհաշուք լեզուի հնչերանգը հասաւ հայ ժողովուրդին, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ». Կարդինալ Կուճերոթթի
Ունկնդրէ լուրը
Ռատիօ Վատիկանի Հայկական Բաժանմունքի գործունէութեան 60ամեակը
Ռատիօ Վատիկանի Հայկական Բաժանմունքի գործունէութեան 60ամեակը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Երեկ՝ 28 մայիսին, ժամը 17:45-ին, Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի Հայկական Բաժանմունքը, Վատիկանի Սուրբ Պիոս ժ. Դահլիճէն ներս, տօնախմբեց Ռատիօ Վատիկանի հիմնադրման 95ամեակը եւ Հայկական Բաժանմունքի գործունէութեան 60ամեայ յոբելեանը՝  այդ նպատակով կազմակերպելով  հայ հոգեւոր, ժողովրդական ու դասական երաժշտութեան համերգ, որուն հրաւիրուած էր Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան ողջ անձնակազմը՝ անոր մաս կազմող 69 ազգերու ներկայացուցիչ լրագրողներով միասին։

Պաշտօնական մաս

Հանդիսութեան մասնակցեցան ու ելոյթներով հանդէս եկան Վերատեսչութեան Խմբագրական Տնօրէն Տիար Անտրէա Թորնիելլին, Խմբագրական Փոխտնօրէն Տիար Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի երբեմնի եւ պատմական Տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։ 

Մինչ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, որոնք ի պաշտօնէ դրդուած անձնապէս ներկայ չի կրցան գտնուիլ, իրենց գրաւոր պատգամները յղեցին կազմակերպիչներուն, որոնք կարդացին համապատասխանաբար Լեւոնեան Վարժարանի Մեծաւոր Հ. Խաչիկ Թ. Ծ. Վրդ. Գույումճեանը եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Քարտուղար Գերապայծառ  Միշէլ Ժալախը։

Արարողութեան ներկայ էին Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ողջ անձնակազմը՝ գլխաւորութեամբ Դեսպան Պորիս Սահակեանի եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Լիբանանի դեսպան Տիար Ֆատի Ասսաֆը։

Պարգեւատրութիւն Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի կողմէ

Հարկ է նշել, որ քանի մը օր առաջ՝ 19 Մայիսին, Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, վերոնշեալ կարեւոր Յոբելեաններուն առթիւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան ղեկավար անձնակազմին, մասնաւորապէս Վերատեսուչ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինիին, Խմբագրական Կազմի ընդհանուր Տնօրէն Անտրէա Թորնիելլիին եւ Խմբագրական Փոխտնօրէն Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթիին եւ, անոնց միջոցաւ՝ Վերատեսչութեան բոլոր պաշտօնեաներուն ու աշխատակիցներուն  պարգեւատրեց Պատրիարքական շքանշաններով՝ «իբրեւ երախտագիտութեան եւ քաջալերանքի նշան՝ ի սպաս Աւետարանին, Եկեղեցւոյ եւ Սրբազան Հօր իրենց կատարած աշխատանքին ու առաքելութեան համար, որ վստահուած է իրենց»։

Ռատիօ Վատիկան-Վատիկան Նիւզին  «հեղինակաւոր ձայնը կը շարունակէ մնալ փարոս եւ երաշխիք՝ (…) խօսելով խաղաղութեան, ընկերային արդարութեան, եղբայրութեան, համակեցութեան ու սիրոյ մասին» «աշխարհի մը մէջ, ուր կարծես թէ տագնապն ու քաոսը դարձած են տիրական, ուր տեղեկատուութիւնը երբեմն կ'ենթարկուի խեղաթիւրումներու, ուր կեղծ լրատուութիւնը դարձած է դիմացինը կործանելու զէնք», նշուած էր Պատրիաքական պատուանշաններու հիմնաւորումին մէջ։

Արարողութեան ատեն հնչեցուած ելոյթները, պատգամները ու անոնց շեշտադրումները

28 Մայիսին կայացած արարողութեան ընթացքին, գրեթէ բոլոր ելոյթ ունեցողները յատուկէն յիշեցին Միշէլ Ժանժեյը՝ Վատիկանի Ռատիոյի Հայկական Բաժանմունքին Տնօրէնը 1991-2011 թուականներուն։ Միշելը  յանկարծամահ եղաւ 10 տարի առաջ՝ 28 Մայիս 2016-ի առաւօտեան, ճիշդ իր այնքան սիրած բաժանմունքի հիմնադրութեան 50-ամեակի տօնակատարութիւններու նախօրէին, որոնց նախապատրաստական աշխատանքները ինք անձամբ համակարգած էր։

Իր նուիրումին եւ ծառայասէր հոգիին համար ան խոր երախտագիտութեամբ յիշուեցաւ «Վատիկան Նիուզ»-ի՝ ըլլայ նախկին ու ըլլայ ներկայ պաշտօնեաներուն ու  աշխատակիցներուն կողմէ։

Ի դէպ, հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ անոր Տիկինը՝ Սոնիա Նորպեթլեանը , որ նոյնպէս երկար տարիներ իր աւանդը ունեցած է Հայկական Բաժանմունքին մէջ եւ որուն անզուգական եւ ջերմ ձայնը մինչեւ օրս կը հնչէ ռատիոյի եթերէն։

Անտրէա Թորնիելլին խօսքը

Արարողութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անտրէա Թորնիելլին, որ, նախ փոխանցեց Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինիի բարեմաղթանքները եւ, բոլորի համար անսպասելիօրէն (իսկ անձնապէս ակնյայտօրէն յուզուած)՝ իր խօսքն արտասանեց հայերէն լեզուով, ինք որ հայերէնի չի տիրապետէր, օրեր շարունակ ճգնաջան պատրաստելով իր ելոյթը, օգնութեամբ հայկական բաժնի անձնակազմին։

«Ուրախութիւն է տօնել Վատիկանի Ռատիոյի հայկական բաժանմունքի հիմնադրման այս 60-ամեակը, որ իր հաղորդումները սկսաւ մեծ կարդինալ եւ այսօր Աստուծոյ ծառայ՝ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի թելադրանքով։ Քրիստոնէական ինքնութիւնը հիմնական տարր մը եղած է ձեր մեծ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, որ ապրեցաւ խիստ տագնապալի պահեր, յատկապէս Ի. դարու սկիզբին՝ «Մեծ Եղեռն»ով, եւ ապա դարձեալ՝ աւելի մօտիկ անցեալին։ Այսօր կոչուած ենք, նաեւ հայկական բաժանմունքի աշխատանքին միջոցով, ըլլալու խաղաղութեան եւ երկխօսութեան կամուրջ բոլորին հետ։ Շնորհակալութիւն։ Բարի՛ տօնախմբութիւն», ըսաւ իր հայերէն լեզուով արտասանած խօսքին մէջ Տիար Թորնիելլին, որ ապա խօսքը շարունակեց իտալերէն լեզուով.

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին պատգամը

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ի պատգամը ընթերցեց Գերյ. Խաչիկ Թ. Ծ. Վ. Գույումճեանը, որուն սկիզբը Պատրիարք Հայրը յիշեց իր երիտասարդական տարիներու համագործակցութիւնը ռատիոկայանին հետ, ապա քաջալերեց անոր բոլոր աշխատակիցները՝ շարունակելու իրենց վստահելի ու արժանահաւատ ծառայութիւնը։

«Կեանքի նուաճումները սոսկ հանգրուաններ չեն, այլ կրնան նաեւ նոր մեկնակէտեր ըլլալ», նշեց հաստատակամօրէն Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. յորդորելով. «Գիտցէ՛ք, որ ձեր աշխատանքը թանկագին է (...) աշխարհի մը մէջ, ուր տեղեկատուութիւնը երբեմն կ'ենթարկուի կամայական փոփոխութիւններու, ուր սուտ լրատուութիւնը դարձած է դիմացինը կործանելու զէնք, եւ ուր քանի մը հզօրներու աղմուկը կը խլացնէ միլիոնաւոր մարդոց շշուկը»։

Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին պատգամը

«29 Մայիս 1966ին, Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի հեռատես նախաձեռնութեան շնորհիւ, հայերէն լեզուն առաջին անգամ ըլլալով մուտք գործեց Պապին Ռատիոյի յայտագիրներէն ներս. Պետրոսի Յաջորդին ձայնը այսպիսով ստացաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի վեհաշուք լեզուի հնչերանգը՝ հասնելով հայ ժողովուրդին, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, իբրեւ հաւատքի, սփոփանքի եւ յոյսի պատգամ»։ Այս է այն ինչ որ` կը գրէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան եւ Հայկական Բաժանմունքին ուղղած իր պատգամին մէջ երախտագիտութիւն յատնելով բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներ շարունակ լուռ ու նուիրեալ աշխատանքով սպասարկեցին այս ձայնին:

«Անիկա եղաւ հաղորդութեան, եղբայրութեան եւ աւետարանական վկայութեան կամուրջ՝ պատմութեան փորձութիւններուն ընդմէջէն իսկ վառ պահելով քրիստոնէական հաւատքին մէջ խորապէս արմատացած ժողովուրդի մը հոգեւոր գիտակցութիւնը», շեշտեց ի միջի այլոց Ծիրանաւորը։

Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթիին ելոյթը

Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական Փոխտնօրէնը՝ շնորհաւորելով Հայկական Բաժանմունքին տարեդարձը, յիշեց հայ ժողովուրդի անցեալի տառապանքները ու անոր տոկունութիւնը, ժողովուրդ, որ «առաջինը ընդունեց քրիստոնէութիւնը` որպէս պետական կրօն», ժողովուրդ որ «բաց է աշխարհին եւ կը վկայէ աշխարհին մէջ իր ինքնութիւնը»։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ըսելով, որ  որպէս տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ մենք մարդկութեան ներկայացուցիչներ ենք՝ նետուած դէպի մեծ առաքելութիւն մը։ Ապա՝ առաջարկեց միասին կառուցեց աւելի մարդկային, աւելի եղբայրական ու աւելի զօրակից իրականութիւն։

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին ելոյթը

«Ես ինձ կը զգամ ինչպէս տանս մէջ ու շնորհակալութիւն Ռոպէրի հրաւէրին համար», ըսաւ ապա իր խօսքին սկիզբը Հայր Լոմպարտին եւ յիշեց իր անցած աշխատանքային ճանապարհը․ «երբ 1991ին մուտք գործեցի Ռատիօ, հայերը ինծի համար նորութիւն էին»՝ «իրենց խորհրդաւոր լեզուով, խոր մշակութային ու հոգեւոր հարթութիւններով», ուստի եւ աւելի շատ հետաքրքրեցին ինծի», յարեց Ան եւ շեշտեց, որ ինքզինք ոգեւորուած կը զգար այն փաստէն, որ ռատիօն կը հեռարձակուէր լեզուով մը, որուն ողջ ժողովուրդը քրիստոնեայ էր՝ իր պատմութեամբ ու ինքնութեամբ։  

Ճիշտ ասկէ մեկնելով Մամլոյ Գրասենեակի երբեմնի Տնօրէնը ափսոսանք յայտնեց, որ չի կրցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին ընկերանալ 2001 Հայաստան ուղեւորութեան ատեն։ Սակայն, տասը տարի անց Ֆրանչիսկոս Պապի այցը Անոր տուաւ այդ հնարաւորութիւնը։ Այս շրջագիծէն ներս, ան յիշեց Եղեռնի հուշահամալիր այցելութիւնը ուր «Ֆրանչիսկոսի լռութիւնը, նոյն եղաւ, ինչ որ Ողջակիզման ճամբար այցելութեան ատեն դրսեւորած լռութիւնը», ըսաւ Ան։ Ապա յուզմունքով յիշեց Խոր Վիրապ այցելութիւնը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին ու Արարատ լեռան պատկերը՝ հայ հոգեւորականներու վեղարները յիշեցնող գմբեթներով։ «Հասկըցայ այս Ժողովուրդը, անոր պատմութիւնը ու վերադարձայ գեղեցիկ յիշողութիւններով Հայաստանէն ու լաւ տպաութիւններու հայերու մասին», եզրափակեց Հայր Լոմպարտին։

Ռոպէր Աթթարեանին ամփոփիչ խօսքը

Մինչ, Ռատիօ Վատիկան-Վատիկան Նիուզի Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Ռոպէր Աթթարեանն իր յուզումնալից ելոյթին մէջ նկարագրեց Ռատիոյի անցած ուղին, որ ենթարկուած է խորունկ փոփոխութիւններու՝ ձեռագիր տեքստերէն ու գրամեքենաներէն մինչեւ համակարգիչներ եւ Արհեստական Բանականութեան արդի մարտահրաւէրները:

Ան շեշտեց, որ Հանդիսութիւնը կը միացնէ Վատիկանի Ռատիոյի հիմնադրման 95ամեակը եւ անոր Հայկական Բաժանմունքի 60ամեակը, «որուն նպատակն էր Աստուծոյ խօսքը հասցնել հոն, ուր անիկա արգիլուած էր»:

Բաժանմունքի յաջողութիւնը եւ պատմական դժուարութիւններու յաղթահարումը, ըստ Աթթարեանի, արդիւնք են սերտ աշխատանքային համայնքի մը եւ լրագրողներու, արհեստագէտներու ու անձնակազմի միջեւ գործակցութեան:

«Մէկը հարցուց ինծի, թէ որոնք են ապագայի մեր ծրագիրները: Իմ պատասխանս է՝ Պիտի շարունակենք աւետել ճշմարտութիւնը առանց վախի», ընդգծեց Ան ու իր խօսքն աւարտեց խորին շնորհակալութիւն յայտնելով բաժանմունքի բոլոր ժամանակներու բոլոր աշխատակիցներուն ու, գործակիցներուն եւ անոնց  ընտանիքներուն։

Հայկական երաժշտութեան համերգ

Պաշտօնական Ելոյթներուն հետեւեցաւ հայկական երաժշտութեան համերգը՝ կատարմամբ ծագումով հայ սրնգահար Վերոնիքա Քիզանիշվիլիի, եւ, ազգութեամբ իտալացիներ ջութակահարներ Վիթթորիօ Վինյառոլիի ու Տարիօ Սորտինիի, Վիոլա Վիօլիվա Մաթիլտէ Գոգգիի, թավջութակահար Ֆիորենցօ Սանթոպոնիի, ինչպես նաեւ տաւիղահար Տիլեթաա Սերենոյի՝ հայ երաժշտութեան հետ իրենց առաջին փորձառութեամբ, բայց եւ այնպէս փայլուն կատարմամբ։

Ծրագիրը բաղկացած էր ամենաճանչցուած դասական եւ արդի հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններէ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան աւանդութեան՝ վերամշակուած մենակատար գործիքներու համար, որոնց մէջ յատկապէս աչքի ինկաւ տաւիղը։

Հանդիսատեսին առաջարկուեցան ի մասնաւորի Կոմիտաս Վարդապետ,  Գրիգոր Նարեկացի, Սայաթ-Նովա, Արամ Խաչատուրեան, Էլէնա Մարտեանի ստեղծագործութիւններէն։

Հիւրասիրութիւն

Տիկին Ասիլ Մարգարեանի ու անոր ընտանիքի պատրաստած արեւելեան  ու հայկական խոհանոցի կոկիկ ու համեղ կերկրատեսակներու համտեսումը եղաւ պատշաճ եզրափակում գեղեցիկ ու պատմական հանդիսութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժանմունքի վաթսուն ամեակը
29/05/2026, 09:00