Կարդինալ Փարոլին. Քահանայապետական եկեղեցական ակադեմիայէն՝ խաղաղութեան պատասխաններ աշխարհին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրուագծել «խաղաղութեան գործնական ուղիներ՝ բաղկացած սկզբունքներէ, կանոններէ եւ կառոյցներէ, որոնք կ'երաշխաւորեն ազգերու միջեւ կարգը», յատկապէս միջազգային կարգի ներկայ տագնապալի պարագաներուն մէջ. այս է այն պարտականութիւնը, որ վստահուած է Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիային, հիմնուած՝ 25 Ապրիլ 1701-ին։ Այս մէկը կը շեշտէ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին՝ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ, հաստատութեան հիմնադրութեան 325-ամեակին առթիւ։ Յոբելեանը պիտի պսակուի Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին այցելութեամբ, որ այսօր՝ յետմիջօրէին՝ 27 Ապրիլին, Իր ընտրութենէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Փիացցա տելլա Միներվա՝ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական անձնակազմի պատրաստութեան կեդրոնը։
Դիւանագիտութիւնը՝ որպէս խաղաղութեան Գործիք
Կարդինալ Փարոլին նշեց, որ քահանայապետական ակադեմիայի հիմնական նպատակն է գծել «խաղաղութեան գործնական ուղիներ», որոնք հիմնուած են միջազգային կարգն ու կանոնը երաշխաւորող սկզբունքներու վրայ։ Միջազգային յարաբերութիւններու ներկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, ուր ուժի կիրարկումը յաճախ կը գերակշռէ իրաւական կանոններուն, Վատիկանի դիւանագէտները կոչուած են ըլլալու ոչ միայն բանակցողներ, այլեւ՝ խաղաղութեան վկաներ։
Կարդինալ Փարոլին յարեց, որ նուիրակները, դեսպաններն ու դիտորդները պարզապէս տիտղոսակիրներ չեն, այլ « ձեռքին բռնած պայուսակներ քահանաներ», որոնց ծառայութիւնը ունի թէ՛ հովուական եւ թէ՛ աւետարանչական բնոյթ։
«Անոնք պէտք է ըլլան արթուն եւ յստակատես, երկխօսութեան մէջ մտնեն մարդոց հետ եւ հասկնան անոնց ակնկալութիւնները», յայտնեց Կարդինալը։
Կրթական բարեփոխումներ եւ նոր մարտահրաւէրներ
Հարցազրոյցի ընթացքին կարդինալ Փարոլին նշեց որ քահանայապետական ակադեմիան այժմ կը գործէ նորացուած կանոնադրութեամբ, որ զայն կը վերածէ Դիւանագիտական Գիտութիւններու Բարձրագոյն Հաստատութեան։ Ուսանող քահանաները կը ստանան գիտական աստիճաններ իրաւագիտութեան, պատմութեան, քաղաքագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան մարզերուն մէջ։ Այս պատրաստութիւնը անհրաժեշտ է դիմագրաւելու համար այնպիսի իրականութիւններ, ուր Եկեղեցին կը հալածուի կամ կը սահմանափակուի, կը տիրէ կրօնական անտարբերութիւն։
Միջազգային կառոյցներու մէջ պէտք է պաշտպանել Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը։
«Կարդինալ Փարոլին եզրափակեց՝ ընդգծելով որ միջազգային կարգի տագնապին պատասխանը, որ յառաջացած է ուժի գործածութեան վերանորոգեալ հակումով եւ միջազգային իրաւունքի կանոններու հանդէպ արհամարհանքով, կրնայ գտնուիլ միայն խաղաղութեան գործնական ուղիներու ուրուագծումով՝ բաղկացած սկզբունքներէ, կանոններէ եւ կառոյցներէ, որոնք կ'երաշխաւորեն ազգերու միջեւ կարգը։ Այս է այն պարտականութիւնը, որ այսօր վստահուած է Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայի գործունէութեան՝ իր հիմնադրութենէն երեք հարիւր քսանհինգ տարի ետք»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ