2025.10.22 Santa Maria Maggiore - Tomba Francesco - Salus Popoli Romani

«Ամիս մը Մարիամի հետ». Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի նախաձեռնութիւնը

Մայիս 1-էն սկսեալ, ամէն երեկոյ ժամը 21:00-ին, Տաճարին առջեւի հրապարակին վրայ տեղի կ'ունենայ Վարդարանի աղօթքը՝ զանազան եկեղեցական համայնքներու մասնակցութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Մայիս ամսուան ընթացքին, որ աւանդաբար նուիրուած է Մարեմեան բարեպաշտութեան, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Պապական Տաճարը (Santa Maria Maggiore) կը ներկայացնէ «Ամիս մը Մարիամի հետ» նախաձեռնութիւնը՝ հաւատացեալներուն համար բաց աղօթքի եւ հոգեւոր հանդիպումներու հարուստ յայտագիրով։

Մայիս 1-էն սկսեալ, ամէն երեկոյ ժամը 21:00-ին, Տաճարին առջեւի հրապարակին վրայ տեղի կ'ունենայ Վարդարանի աղօթքը՝ զանազան եկեղեցական համայնքներու մասնակցութեամբ։

Բացի աղօթքներէն նախատեսուած են նաեւ այլ միջոցառումներ որոնց գլխաւորներէն է Մայիս 19-ի «Lectio Mariae»ն՝ նուիրուած «Մարիամի երգը» նիւթին, ապա Մայիս 25-ին Սուրբ Պատարագ՝ Սուրբ Մսուրի մօտ, հուսկ Մայիս 30-ին յատուկ արարողութիւն՝ հնամենի «Աքաթիսթոս» շարականի երգեցողութեամբ եւ ի վերջոյ Մայիս 31-ին ամսուան փակումը՝ Աստուածամօր ընծայման ուխտով, նախագահութեամբ Կարդինալ Պալտասարէ Ռէյնայի։

Այս նախաձեռնութեան ամբողջ տեւողութեան, հաւատացեալները կրնան ամէն օր մասնակցիլ Վարդարանի աղօթքին Տաճարի մատուռներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Էսքուիլինօ հրապարակին վրայ հիանալ Մարիամին նուիրուած ծաղկեայ յարգանքի տուրքով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2026, 15:48