Մարդավաճառութիւն Մարդավաճառութիւն 

Սուրբ Աթոռը ԵԱՀԿ-ի մէջ. Մարդավաճառութեան դէմ պայքարիլ համակարգուած և վճռական քայլերով

Վիեննայի մէջ կայացած ԵԱՀԿ-ի համաժողովին, Սուրբ Աթոռը պահանջեց պետութիւններէն՝ վճռական քայլերով պայքարիլ մարդավաճառութեան և համացանցային ստրկութեան նոր ձևերուն դէմ։ Յատուկ շեշտուեցաւ զոհերուն չպատժելու, անոնց պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու և միջազգային գործակցութեամբ այս չարիքին բուն արմատները թիրախաւորելու անհրաժեշտութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 21 ապրիլին , Վիեննայի մէջ աւարտին հասաւ Եւրոպայի Անվտանգութեան և Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) «Հարկադիր յանցագործութիւններու աճը. անվտանգութեան բացը գոցել» խորագրով 26-րդ համաժողովը։ Այս առթիւ, ԵԱՀԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդը հանդէս եկաւ կոչով մը՝ պահանջելով պետութիւններէն ձեռնարկել վճռական և համակարգուած քայլեր՝ մարդավաճառութեան դէմ պայքարելու համար։

Չծանրացնել զոհերուն տառապանքը

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը իր պատգամին մէջ յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն իրողութեան վրայ, որ զոհերը՝ յատկապէս կիները, երեխաները, գաղթականներն ու փախստականները, յաճախ կը ստիպուին մասնակցիլ յանցաւոր գործունէութիւններու։ Փոխանակ պաշտպանութեան և արդարութեան արժանանալու, անոնք յաճախ կը հալածուին որպէս յանցագործներ, ինչ որ աւելիով կը ծանրացնէ անոնց տառապանքը։ «Անհրաժեշտ է զոհերը ճանչնալ որպէս պաշտպանութեան և աջակցութեան կարիք ունեցող անձեր», շեշտեց պատուիրակութիւնը։

Նոր ստրկութիւններ և Լեւոն ԺԴ.-ի կոչը

Յղում կատարելով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի խօսքերուն՝ Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց պատերազմի, տեղահանման և աղքատութեան պատճառով վիրաւորուած անձերու շահագործման վերջ տալու հրամայականը։ Յատուկ մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ վերջին տարիներուն ի յայտ եկած «համացանցային ստրկութեան» (cyber-slavery) նոր ձևերուն նկատմամբ, ուր անհատները առցանց թակարդներու միջոցով կը հարկադրուին մասնակցիլ ելեւմտական խարդախութիւններու։

Պայքարի երեք առաջնահերթութիւնները

Սուրբ Աթոռը ԵԱՀԿ-ի առջև դրաւ երեք հիմնական առաջնահերթութիւններ.

Անպատժելիութեան սկզբունքի պահպանում. Ապահովել, որ զոհերը չպատժուին այն արարքներուն համար, որոնք կատարած են որպէս մարդկային վաճառքի անմիջական հետևանք։

Քաղաքականութեան վերակողմնորոշում. Գաղթի և անվտանգութեան հարցերը դիտել պաշտպանութեան տեսանկիւնէն։ Փորձը ցոյց կու տայ, որ երբ հարցը կը դիտուի միայն որպէս «գաղթի հսկողութիւն», զոհերը կը մնան չբացայայտուած և յաճախ կ’արտաքսուին։

Կանխարգիլում և գործակցութիւն. Պետութիւնները պէտք է թիրախաւորեն խնդրի բուն արմատները՝ ընկերային մեկուսացումը, երիտասարդական գործազրկութիւնը և թուային անպաշտպանուածութիւնը։

Յայտարարութիւնը կ’աւարտի շեշտելով, որ միայն միջազգային սերտ գործակցութեամբ կարելի է արմատախիլ ընել մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնահարող այս չարիքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2026, 15:31