POPE-AFRICA/CONGO

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ափրիկէի մէջ. «Կաթողիկէները թող փոփոխութեան դերակատարներն ըլլան»

Սրբազան Պապը կը մեկնի Ափրիկեան ցամաքամաս մօտ ըլլալու համար գոյութենական ծայրամասերուն մէջ ապրողներուն՝ տանելով Քրիստոսին յոյսը։ Այս է այն ինչ որ վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը՝ Լեւոն ԺԴ.ի երրորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութենէն առաջ, որ պիտի սկսի յառաջիկայ ապրիլ 13-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օրերուն 13-էն 23 ապրիլ Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի մեկնի Ափրիկեան ցամաքամաս` Քրիստոսին յոյսը հասցնելու գոյութենական ծայրամասերուն մէջ ապրողներուն։ Ան հանգրուան պիտի կատարէ Ալճերիա, Քամերուն, Անկոլա և Հասարակածային Կուինէա՝ հանդիպելով կաթողիկէ համայնքներուն և տեղական իշխանութիւններուն հետ։ Ան իր հետ պիտի տանի Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը այնտեղ` ուր մարդկային տառապանքը աւելիով սրացած է։

Ճամբորդութեան նախօրէին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հարցազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ, խօսելով ճամբորդութեան նպատակներու մասին, այն է, ինչպէս նշեցինք, մօտ ըլլալ գոյութենական արուարձաններուն մէջ ապրողներուն, խթանել միջ կրօնական երկխօսութիւնն ու խաղաղութիւնը եւ կաթողիկէ հաւատացեալները վերահաստատել իրենց հաւատքին մէջ։

Ալճերիա

Անդրադառնալով ճամբորդութեան առաջին հանգրուան Ալճերիային ու Քահանայապետին Ալճերիի Մեծ Մզկիթին տալիք այցելութեան ինչպէս նաեւ Աննապայի մէջ գլխաւորելիք Սուրբ Պատարագին` Կարդինալ Փարոլինը նշեց` թէ այս մէկը պիտի ըլլայ քրիստոնեայ իսլամ երկխօսութեան ի սպաս ժեստ մը ինչպէս նաեւ Լեւոն Պապին հոգեւոր հետեւողականութեան նշան` որպէս Սուրբ Օգոստինոսի զաւակ։

Քամերուն

Քամերունի ճամբորդութեան նպատակն է խթանել հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը, ուր Սրբազան Պապը պիտի այցելէ երեք քաղաքներ` Եաունտէ, Պամենտա եւ Տուալա եւ ճամբորդութեան կեդրոնական մէկ պահերէն մին պիտի հանդիսանայ Պամենտայի մէջ նախատեսուած խաղաղութեան հանդիպումը ապա որբանոցի մը այցելութիւնը։

Կարդինալ Փարոլինը ի միջի այլոց նշեց` որ այս մէկը նաեւ նշան պիտի հանդիսանայ Սրբազան Պապին յատուկ ուշադրութեան տեղական հասարակութիւններուն ու անոնց ապրած դժուարութիւններուն նկատմամբ ինչպէս նաեւ առիթ պիտի ըլլայ հրաւէր ուղղելու երկխօսութեան ու փոխադարձ յարգանքի։

«Նորին Սրբութիւնը Քամերունը կ՜այցելէ որպէս յոյսի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւոր» ըսաւ  Ծիրանաւորը։

Անկոլա

Ան ապա խօսեցաւ Անկոլայի ճամբորդութեան մասին, որ պիտի յատկանշուի յոյսի եւ արդարութեան պատգամով։

Անկոլայի մէջ Քահանայապետը պիտի հանդիպի Լուանտայի, Մուքսիմայի եւ Սուրիմոյի հասարակութիւններուն։ Լուանտան եւ Սուրիմոն կը ներկայացնեն Երկրին հարստութիւնը բայց նաեւ այնտեղ տիրող ընկերային անհաւասարութիւնն ու շրջակայ միջավայրին վրայ ազդեցութիւնները։ Իսկ Մուքսիման կը ներկայացնէ Անկոլայի ժողովուրդին յոյսը եւ հաւատքին կենսունակութիւնը։

Սրբազան Պապը այնտեղ պիտի տանի յոյսի եւ արդարութեան պատգամ մը, ընդգծելով անհաւասարութիւնները շրջանցելու եւ կայուն զարգացում մը խթանելու կարեւորութիւնը, նշեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը։

Հասարակածային Կուինէա

Լեւոն ԺԴ. ճամբորդութիւնը պիտի աւարտէ Հասարակածային Կուինէայի մէջ, ուր պիտի տանի յոյսի եւ հաւատքի ամրապնդման պատգամ մը։ Ան պիտի այցելէ Մալապօ, Մոնկոմօ եւ Պաթա քաղաքները հանդիպումներ ունենալով երիտասարդներու, ընտանիքներու ու մշակոյթի աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ ու նաեւ բանտարկեալներուն հետ։

Այստեղ Նորին Սրբութիւնը պիտի նշէ նաեւ Երկրին աւետարանութեան 170 ամեակը (1855-2025)։

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու ամրապնդում

Սոյն ճամբորդութիւնները ունին նաեւ դիւանագիտական բնոյթ, տրուած ըլլալով` որ Լեւոն ԺԴ. Պապին այս այցերը պիտի ամրապնդեն Սուրբ Աթոռի եւ այցելուած երկիրներու միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւնները։

Ինչպէս յայտնի է Քահանայապետական դիւանագիտութիւնը նպատակ ունի միշտ պաշտպանել հիմնական ազատութիւնները, յատկապէս՝ կրօնական ազատութիւնը, Խթանել խաղաղութիւնը եւ միջ կրօնական երկխօսութիւնը ապա պաշտպանել ամէն մարդու արժանապատուութիւնը եւ քաջալերել ժողովուրդներու համապարփակ զարգացումը։

Քրիստոնեաներուն դերը

Իր հարցազրոյցին մէջ Կարդինալ Փարոլինը ընդգծեց նաեւ քրիստոնեաներուն դերը ափրիկեան ցամաքամասէն ներս, այն է` ջանալ կոտրել աղքատութեան, կաշառակերութեան եւ բռնութեան շղթաները, խթանել խղճմտանքներու ձեւաւորումը եւ կրթութիւնը՝ արժանապատուութեան, արդարութեան եւ զօրակցութեան արժէքներուն շուրջ, ապա ըլլալ գործուն դերակատարներ փոփոխութեան մէջ՝ իրենց կեանքերուն, համայնքներուն եւ հաստատութիւններուն ներքոյ։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտին մաղթանքն է` որ Նորին Սրբութեան այս այցը զօրեղ եւ խոր հետք մը թողու խաղաղութեան, երկխօսութեան ու տեղական եկեղեցւոյ աճին վրայ, կարողանայ խթանել հաշտութիւնը ու փոխադարձ հասկացողութիւնը ապա ընկերանայ Ափրիկէին դէպի յոյսի եւ կայուն զարգացումի ապագայ մը։

«Ափրիկէն երիտասարդ ցամաքամաս մըն է, լի հաւատքով եւ կենսունակութեամբ, եւ Սրբազան Հօր այցելութիւնը վստահութեան արտայայտութիւն մըն է անոր ապագային նկատմամբ» եզրափակեց Կարդինալ Փարոլինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2026, 13:00