2026.04.29 papamobile per Usa Elemosineria

Պապական ինքնաշարժը ԱՄՆ-ի մէջ. զօրակցութեան ճամբորդութիւն՝ պատերազմի զոհ դարձած մանուկներուն համար

Բարեսիրութեան Ծառայութեան Վերատեսչութիւնը կը քաջալերէ այս նախաձեռնութիւնը, որ պիտի իրականացուի «Cross Catholic Outreach» բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ՝ ի նպաստ հակամարտութիւններէն տուժած երեխաներուն։ Պապին ինքնաշարժը պիտի շրջի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու պատերազմի զոհերու իրականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ առիթներ ստեղծելու աղօթքի եւ խորհրդածութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ողորմութիւնը, որ քրիստոնէական կեանքի առանցքն է, չի կրնար լոկ տեսական մնալ, այլ պէտք է վերածուի գործի եւ ծառայութեան»։ Այս խօսքերով Քահանայապետական Ողորմնաբաշխ Գերապայծառ Լուիս Մարին տը Սան Մարթին բացատրեց Բարեսիրութեան ծառայութեան Վերատեսչութեան այս նոր ձեռնարկին իմաստը, որ միշտ կը գործէ Պապի յանձնարարութեամբ։

Ապրիլ 28-ին, Ան ամերիկեան «Cross Catholic Outreach» բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ Միշել Սակարինոյին յանձնեց պապական ինքնաշարժին (papamobile) բանալիները եւ Ապրիլ 29-ին, նախագահը առիթն ունեցաւ ողջունելու Լեւոն Պապը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին՝ ներկայացնելով իր կազմակերպութեան գործունէութիւնը, որ անցեալին օգնած է նաեւ Չիքլայոյի թեմին։

Այս արարողութեամբ պաշտօնապէս սկիզբ առաւ «American Catholic Heroes: The Road Trip for Hope» (Ամերիկեան կաթողիկէ հերոսներ. յոյսի ճամբորդութիւն) ծրագիրը։ Անիկա պիտի շրջի Նիւ Եորքէն դէպի Քալիֆորնիա՝ սատարելու համար պատերազմի հետեւանքները կրող մանուկներուն եւ խոցելի անձերուն։ Կազմակերպութիւնը նաեւ պիտի կազմակերպէ բարեգործական մեծ աճուրդ մը ԱՄՆ-ի մէջ, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Վերատեսչութեան բարեսիրական գործերուն։

Զօրակցութիւն եւ աւետարանում

Գերապայծառ Լուիս Մարին տը Սան Մարթինի համաձայն՝ պապական ինքնաշարժին յանձնումը ունի ընկերային մեծ արժէք՝ զօրակցելով կարիքաւորներուն, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ «Սրբազան Հօր հետ կապերու ամրապնդման եւ աւետարանութեան տարածման»։

«Յոյսի ինքնաշարժը»

Կազմակերպիչները կը նշեն, որ պապական ինքնաշարժը ԱՄՆ-ի ճամբաներուն վրայ պիտի վերածուի «Hopemobile»-ի (Յոյսի ինքնաշարժ), որովհետեւ անիկա պիտի հասնի տառապողներուն։ Նախաձեռնութիւնը պիտի իրականացուի 2026 թուականի Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն՝ զուգադիպելով ԱՄՆ-ի Անկախութեան հռչակագրի ստորագրման 250-ամեակին։ Անիկա պիտի այցելէ 13 քաղաքներ, ինչպէս Նիւ Եորք եւ Ուաշինկթըն, կանգ առնելով Նոթըր Տամ եւ Սենթ Լուիս ու հասնելով մինչեւ Քալիֆորնիա։

Այս գործողութիւնը անցեալին արտօնուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, որպէսզի հասոյթը յատկացուի աղքատներուն եւ յատկապէս պատերազմի զոհ դարձած մանուկներուն։ Լեւոն Պապը, իր «Dilexi te» (Սիրեցի քեզ) Առաքելական յորդորագիրին մէջ, գրած է. «Քրիստոնէական սրբութիւնը յաճախ կը ծաղկի մարդկութեան ամենալքուած ու վիրաւոր վայրերուն մէջ։ Աղքատներուն ամենաաղքատները յատուկ տեղ ունին Աստուծոյ սրտին մէջ... Անոնց մէջ է, որ Եկեղեցին կը վերագտնէ իր ամենահարազատ դիմագիծը ցոյց տալու կոչումը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2026, 08:30