2026.04.23 Basilica di San Bartolomeo all'Isola

Մեծ Եղեռնի յիշատակութեան առիթով Հռոմի մէջ աղօթք վասն խաղաղութեան. Կարդինալ Քոխին պատգամը

Խաղաղութեան նուիրուած համամիութենական արարողութիւնը սկիզբ առաւ Սանդ Էճիտիոյ Հասարակութեան Նախագահ Տիար Մարքօ Իմփալիացցոյի բարի գալուստի խօսքով ապա ընթերցուեցաւ նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրդ Քոխին ուղղած մէկ պատգամը, որուն մէջ Ան, վեր առնելով Քրիստոսի սիրոյն ի սպաս անձնազոհութեան ու նահատակութեան արժէքը, նշեց` թէ «այսօր հաւաքուած ենք աղօթքի՝ ոգեկոչելու «Մեծ Եղեռնը», անցեալ դարու սկզբին հայ քրիստոնեաներու մեծ ու արիւնալի նահատակութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մեծ Եղեռնի 111-րդ տարելիցին առիթով, հինգշաբթի 23 Ապրիլի երեկոյեան Հռոմի «Իզոլա Թիպերինա» թերակղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Բարթողոմէոսի անուան պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Համամիութենական աղօթք` նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան, որ կազմակերպուած էր՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցչութեան եւ Սանդ Էճիտիօ (Sant’Egidio) հասարակութեան կողմէ համագործակցութեամբ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին եւ Վենետիկի Մխիթարեան Հայրերուն։

Արարողութեան մասնակցեցան կաթողիկէ, առաքելական, անկլիքան, աւետարանական, մեթոդիստական, ղպտի և մալանքար ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Կոստանդնուպոլսի Տիեզերական Պատրիարքութեան և Ռումինական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգևորականներ։ Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի և Իտալիայի հանրապետութեան մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանները։

Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքան

Յայտնենք` որ վերոնշեալ պազիլիքան Ի. դարու քրիստոնեայ մարտիրոսներու յիշատակին նուիրուած գլխաւոր խորհրդանշական վայրերէն մէկն է։

1999-էն 2001 թուականներուն միջեւ, հոն հիւրընկալուեցաւ «Նոր Մարտիրոսներ» յանձնաժողովը, որ հիմնուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի կողմէ Ի. դարու հալածեալ քրիստոնեաներու մասին փաստաթուղթեր ու վկայութիւններ հաւաքելու nնպատակով։ Այս աշխատանքը իր գագաթնակէտին հասաւ 2002 Հոկտեմբերին՝ համամիութենական հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որուն ընթացքին աւագ խորանին վրայ զետեղուեցաւ ժամանակակից մարտիրոսներուն նուիրուած մեծ սրբապատկեր մը՝ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ։

Հայ նահատակներու մասունքները

Պազիլիքային մէջ կը պահպանուին հաւատքի բազմաթիւ վկաներու մասունքներն ու յիշատակները, որոնց շարքին է նաեւ Տէյր ըլ Զօրէն բերուած ոսկորի բեկոր մը եւ հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակ Մարտինի երբեմնի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը այլ մէկ մասունքը,` որ անցեալ տարուայ հոկտեմբեր 19-ին իր նահատակութեան համար Սուրբ Հռչակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին։

Կարդինալ Քոխին պատգամը

Խաղաղութեան նուիրուած համամիութենական արարողութիւնը սկիզբ առաւ Սանդ Էճիտիոյ Հասարակութեան Նախագահ Տիար Մարքօ Իմփալիացցոյի բարի գալուստի խօսքով ապա ընթերցուեցաւ նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրդ Քոխին ուղղած մէկ պատգամը, որուն մէջ Ան, վեր առնելով Քրիստոսի սիրոյն ի սպաս անձնազոհութեան ու նահատակութեան արժէքը, նշեց` թէ «այսօր հաւաքուած ենք աղօթքի՝ ոգեկոչելու «Մեծ Եղեռնը», անցեալ դարու սկզբին հայ քրիստոնեաներու մեծ ու արիւնալի նահատակութիւնը»։

«Անոնք, ըստ յունարէն ստուգաբանութեան, այն վկաներն են, որոնք մեզի կը յիշեցնեն թէ նահատակութիւնը քրիստոնէութեան լուսանցքային երեւոյթ մը չէ, այլ անոր բաբախող սիրտը, որուն մէջ Եկեղեցին կը նոյնանայ Քրիստոսի՝ Աստուծոյ սիրոյ գերագոյն Վկային հետ» հաստատեց Կարդինալ Քոխը իր պատգամին մէջ դիտել տալով որ «Հայ նահատակները մաս կը կազմեն այն «ընդհանուր մարտիրոսագրութեան», որուն մասին կը խօսէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը. մարտիրոսագրութիւն մը, որ կը միաւորէ քրիստոնեաները իրենց բաժանումներէն անդին՝ իսկական «արեան համամիութեան մը մը մէջ»։

«Դժբախտաբար, հակառակ Ի. դարու մեծ բռնապետութիւններու աւարտին, քրիստոնեաներու հալածանքը ոչ միայն չէ դադրած, այլ նոյնիսկ սաստկացած է աշխարհի որոշ մասերուն մէջ։ Ճիշդ ինչպէս վաղնջական Եկեղեցին համոզուած էր թէ «մարտիրոսներու արիւնը քրիստոնեաներու սերմն է» (Տերտուղիանոս), կրնանք յուսալ որ այսօրուան բազմաթիւ վկաներու արիւնը դառնայ սերմը Քրիստոսի միակ Մարմնի ապագայ միութեան, որ այնքան բաժանումներով յօշոտուած է» եղան Կարդինալ Քոխի պատգամին եզրափակիչ բառերը։

Գերշ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին  քարոզը

Արարողութեան ընթացքին օրուան յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց Գերշ. Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը որ յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին 2015-ի արտասանած խօսքերուն, ապա կոչ ըրաւ յիշելու նահատակները եւ նաեւ մեր օրերու քրիստոնեայ վկաները՝ շեշտելով, որ անոնց տառապանքը կը դառնայ հաշտութեան եւ յոյսի աղբիւր։

Քարոզին մէջ Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը ծանր փորձութիւններու մէջ պահած է իր հաւատքը, եւ Քրիստոսը մնացած է անոր ամէնէն մեծ յենարանը։ Սրբազանը հուսկ զգուշացուց, որ պատմութեան ժխտումը եւ ատելութիւնը կրնան նոր ողբերգութիւններու պատճառ դառնալ ապա առաջարկեց երեք ուղիներ՝ պահել ճշմարիտ եւ սիրով լի յիշողութիւնը, զօրակցիլ տառապողներուն, եւ նորոգել հաւատքն ու յոյսը։

Վերջաւորութեան ան կոչ ըրաւ դառնալու խաղաղարարներ՝ ներումի եւ սիրոյ միջոցաւ։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ՝ տարբեր երաժիշտներու մասնակցութեամբ, ուր ներկայացուեցան նոր եւ հոգեւոր թեմաներով ստեղծագործութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2026, 08:00