Որոնել

Աղօթքի հսկում նուիրուած նոր նահատակներուն Աղօթքի հսկում նուիրուած նոր նահատակներուն 

Եկեղեցին պիտի ունենայ 50 նոր երանելիներ եւ չորս նոր Աստուծոյ ծառաներ

Լեւոն ԺԴ. Պապը վաւերացուց Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին նահատակուած 50 մարտիրոսներու երանացման դատի եւ չորս նոր «Աստուծոյ Ծառաներու»ներու հերոսական առաքինութիւններու հրամանագիրերը։ ։ Այս խումբը կը ներառէ ինքնազոհաբերութեամբ երեխաներ փրկած աշխարհական մը եւ եկեղեցական նուիրեալներ, որոնք իրենց կեանքը ընծայեցին հաւատքի ու բարեսիրական ծառայութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան վերատեսուչ՝ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, վաւերացուց 50 նոր երանելիներու մարտիրոսութիւնը եւ չորս այլ հաւատացեալներու «հերոսական առաքինութիւնները»։

Սպանիոյ Մարտիրոսները. Կեանքի զոհաբերութիւնը

Շուտով երանելիներու շարքին պիտի դասուին 49 Կապրիէլեան Եղբայրներ (Fratelli di San Gabriele)։ Անոնք սպաննուած են Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1936-1939), իբրեւ քրիստոնէական հաւատքի հանդէպ ատելութեան զոհեր։

Յատկանշական է 1936-ի Նոյեմբեր 7-ի դէպքը, երբ անիշխանական զինեալներ ներխուժեցին «Can Valls» տունը եւ ձերբակալեցին բոլոր չափահաս կրօնաւորները։ Անոնցմէ 39-ը եւ մէկ քահանայ քանի մը օր ետք գնդակահարուեցան Մոնքատայի գերեզմանատան մէջ։ Խումբը կը գլխաւորէր Եղբայր Էսթանիսլաօ Օրթեկա Կարսիան։

Նոր Աստուծոյ ծառաներու առաքինի կեանքեր

Այսօրուընէ սկսեալ Եկեղեցին կ՝ունենայ որպէս Աստուծոյ ծառայ հետեւեալ անձնաւորութիւնները.

Փետրօ Մանուէլ Սալատօ տէ Ալպա. Աշխարհական մը, որ իր կեանքը զոհեց Էքուատորի մէջ՝ ծովու ալիքներէն փրկելով եօթը երեխաներ։ Ան մահացաւ ափ հասնելէ անմիջապէս ետք՝ 2012 թուականին։

Մարիա Էլեթթա Յիսուսի (Caterina Tramazzoli). 17-րդ դարու Իտալացի Կարմեղեան միանձնուհի, որ վանքեր հիմնեց Վիեննայի, Կրացի եւ Փրակայի մէջ։ Հակառակ հիւանդութիւններուն եւ զրպարտութիւններուն, ան մնաց հաստատուն իր հաւատքին մէջ։

Մարիա Թերեզա Սուրբ Երրորդութեան. Հոլանտացի կրօնաւորուհի, որ առաքելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկա եւ մահացաւ երիտասարդ տարիքին (1926-ին)՝ իր հիւանդութիւնը ընդունելով լուռ հնազանդութեամբ։

Մարիա Ռաֆֆայէլլա Տէ Ճիովաննա. «Suore Terziarie Minime» միաբանութեան հիմնադիրը, որ իր կեանքը նուիրեց աղքատներու եւ հիւանդներու խնամքին, յատկապէս Ա. Համաշխարհային պատերազմի վիրաւորներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2026, 10:57