Որոնել

2026.04.26 GMG Seul 2027_Cinque Santi Patroni

Սէուլ 2027-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան հինգ պաշտպան սուրբերը

Անոնք ընտրուած են Տեղական Կազմակերպիչ Յանձնախումբին կողմէ՝ 2024-ին սկսած մասնակցային գործընթացէ մը ետք, որուն ներգրաւուած են երիտասարդներ եւ դաստիարակներ։ Այս սուրբերը հաւատքի, քաջութեան, ծառայութեան եւ յոյսի շօշափելի օրինակներ են նոր սերունդներուն համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սէուլի 2027 թուականի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան համար ընտրուած են հինգ պաշտպան սուրբեր՝ որպէս հաւատքի տիպարներ երիտասարդներուն համար.

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. (1920–2005) Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան հիմնադիրը։ Ան կը յիշուի երիտասարդներու, ընտանիքի եւ մարդկային կեանքի արժանապատուութեան հանդէպ իր ցուցաբերած առանձնայատուկ ուշադրութեամբ։ Սուրբ Անդրէաս Քիմ Թեկոն (1821–1846) եւ իր ընկերակիցները Քորէացի առաջին կաթողիկէ քահանան, որ հաւատքի եւ քաջութեան խորհրդանիշ է։ Ան նահատակուած է երիտասարդ տարիքին։ Սուրբ Ֆրանչեսքա Սաւերիօ Քապրինի (1850–1917) Առաքելուհի մը, որ ծանօթ է գաղթականներու եւ աղքատներու հանդէպ իր տածած խնամքով ու հոգածութեամբ։ Սուրբ Ճուզեփփինա Պաքիթա (1869–1947) Նախկին ստրուկ մը, որ ազատագրուելէ ետք դարձած է կրօնաւորուհի։ Ան յոյսի, ազատութեան եւ տառապանքի միջոցով վերափոխուած հաւատքի վկայ մըն է։ Սուրբ Քարլօ Աքութիս (1991–2006) Թուային դարաշրջանի երիտասարդ սուրբ մը, որուն կեանքը օրինակ կը հանդիսանայ թուային աշխարհէն ներս աւետարանչութեան համար։

Անոնք ընտրուած են Տեղական Կազմակերպիչ Յանձնախումբին կողմէ՝ 2024-ին սկսած մասնակցային գործընթացէ մը ետք, որուն մէջ ներգրաւուած են երիտասարդներ եւ դաստիարակներ։ Այս սուրբերը հաւատքի, քաջութեան, ծառայութեան եւ յոյսի շօշափելի օրինակներ են նոր սերունդներուն համար։

Այս նախաձեռնութիւնը կը ներառէ նաեւ աղօթքներ, յատուկ խորհրդանիշներ եւ առցանց բովանդակութիւն՝ անոնց կեանքը աւելի խորունկ կերպով ճանչնալու համար, ինչպէս նաեւ փոխազդեցիկ հարցարան մը, որ կ’օգնէ երիտասարդներուն գտնելու այն սուրբը, որ ամենամօտն է իրենց նկարագրին։

Նպատակն է ցոյց տալ, որ սրբութիւնը իրական եւ հասանելի կոչում մըն է, որ կրնայ ոգեշնչել երիտասարդները նոյնիսկ դժուարութիւններու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2026, 08:55