Վատիկանեան նոր փաստաթուղթ մը. «Համապարփակ բնապահպանութիւնը ընտանեկան կեանքին մէջ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան եւ Աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի հարցերով զբաղող Վատիկանի վերատեսչութիւնները հրապարակեցին համատեղ նոր ուղեցոյց մը, որուն նպատակն է ընտանիքներուն մէջ սերմանել «արարչութեան եւ մարդկային կեանքի հանդէպ խնամքը»։
Գործնական պատասխան մը Պապերու կոչին
«Համապարփակ բնապահպանութիւնը ընտանեկան կեանքին մէջ» խորագիրը կրող այս փաստաթուղթը կը հանդիսանայ գործնական արձագանգ մը Ֆրանչիսկոս եւ Լեւոն ԺԴ. Պապերու պատգամներուն, որոնք յորդորած էին ունկնդիր ըլլալ «աղքատներուն եւ Երկրի պաղատանքին»։ Փաստաթուղթը կը հիմնուի «Amoris Laetitia» եւ «Laudato si»’ շրջաբերականներու ուսուցումներուն վրայ՝ զանոնք ներկայացնելով ընտանեկան առօրեայի լոյսին տակ։
Փաստաթուղթի պատրաստութեան մասնակցած են աստուածաբաններ, խորհրդատուներ, որպէսզի առաջարկուած լուծումները ըլլան իրապաշտ եւ կիրարկելի։
Ընտանիքը՝ որպէս հասարակութեան բարեբեր հող
Վատիկանի երկու վերատեսչութիւններու նախագահները՝ Կարդինալ Մայքըլ Չերնի եւ Կարդինալ Քեւըն Ֆարել, ներկայացման մէջ շեշտած են ընտանիքի առանցքային դերը։
«Ընտանիքին մէջ ձեւաւորուող արժէքները այն բարեբեր հողն են, ուրկէ կը սկսի հասարակութեան կեանքը։ Հոն է, ուր մարդիկ կը սորվին անձնուիրութիւնը, համբերութիւնը, կեանքի պաշտպանութիւնն ու սերունդներու միջեւ համերաշխութիւնը», նշած են անոնք։
Ի՞նչ կը բովանդակէ փաստաթուղթը
Ուղեցոյցը բաժնուած է երկու հիմնական մասերու.
Առաջին մասը կը ներկայացնէ Պապական ուսուցումներու հիմնական գաղափարները։
Երկրորդ մասը կը կեդրոնանայ եօթը գործնական նպատակներու վրայ, ինչպէս՝ տնտեսական խնայողութիւնը, կենսակերպի փոփոխութիւնը, բնապահպանական կրթութիւնն ու հոգեւորականութիւնը։
Իւրաքանչիւր գլուխ կը պարունակէ հարցումներ եւ յստակ քայլեր, որոնք կ’օգնեն ընտանիքներուն աւելի գիտակից ձեւով մօտենալու շրջակայ միջավայրի պահպանման։
Փաստաթուղթը արդէն հասանելի է անվճար կերպով՝ հինգ լեզուներով, Վատիկանի պաշտօնական կայքերուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ