Սուրբ Աթոռ. Մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը շռայլութիւն չէ, այլ առաջնահերթութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Միջազգային տագնապներով եւ աճող լարուածութեամբ յատկանշուած ներկայ իրավիճակին մէջ, մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանումը կը հանդիսանայ վճռորոշ խնդիր։ Այս է այն պատգամը, զոր փոխանցեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ՝ Գերապայծառ Քամփիզի, Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի (UNESCO) Գործադիր խորհուրդի վերջին նիստին ընթացքին։
Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչին համաձայն՝ մշակոյթի եւ հաւատքի վայրերու պաշտպանութիւնը երկրորդական կարիք մը չէ, այլ բացարձակ առաջնահերթութիւն։ Պատերազմական պայմաններու մէջ, ինչպէս են Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւնները, մշակութային վայրերու կործանումը ոչ միայն նիւթական վնասներ կը պատճառէ, այլեւ հիմնովին կը հարուածէ ժողովուրդներու ինքնութիւնը՝ ջնջելով հաւաքական յիշողութիւնը եւ դժուարացնելով հաշտութեան որեւէ գործընթաց։
Ժառանգութեան պահպանման կողքին, կեդրոնական դեր կը տրուի նաեւ կրթութեան։ Որակեալ դաստիարակութիւն ջամբելը կը նշանակէ կերտել ազատ անհատներ, որոնք ընդունակ են քննադատական մտածողութեան եւ բաց են երկխօսութեան։ Այս ծիրէն ներս ի յայտ կու գայ նաեւ արհեստական բանականութեան մարտահրաւէրը, որ կը պահանջէ բարոյական ու պատասխանատու օգտագործում՝ խուսափելու համար մարդկային ինքնութեան եւ ընկալման վրայ ունենալիք բացասական հետեւանքներէն։
Նոյնքան կարեւոր է հաղորդակցութեան թեման։ Պատերազմի ժամանակ տեղեկատուութիւնը կրնայ վերածուիլ քարոզչութեան (propaganda)։ Այս պատճառով էական է, որ լրատուամիջոցները պահեն ճշմարտութեան ծառայելու իրենց դերը՝ պատմելով հակամարտութիւններու մասին զոհերու պատմութիւններուն եւ տառապանքներուն ընդմէջէն, փոխանակ զանոնք վերածելու աղաւաղուած կամ թատերականացուած պատումներու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ