Ռացինկեր. Կեանք մը՝ ծնունդի եւ վերածնունդի միջեւ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր` 16 Ապրիլին Պենետիկտոս ԺԶ Պապի ծննդեան 99-րդ ամեակն է որուն առիթով Ժամը 17:00-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ (Եոզեֆ Ռացինկեր) Քահանայապետի «Ապագայի հաւատքը. Եկեղեցւոյ ապագան» հատորի շնորհահանդէսը ի պատրաստութիւնը յառաջիկայ տարուան մէջ նշուող անոր ծննդեան հարիւրամեակին ընդառաջ նախատեսուած զանազան նախաձեռնութիւններուն։
Իսկ Ժամը 18:00-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Կարդինալ Քիւրթ Քոխը նախագաեց Սուրբ Պատարագին՝ ի յիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Պապի ծննդեան 99-րդ ամեակին։
Հուսկ վաղը` 17 պրիլին Գիտութիւններու Պապական Ակադեմիային մէջ տեղի կ՛ ունենայ մէկօրեայ գիտաժողով՝ կազմակերպուած «Benedictus PP XVI Society»-ի կողմէ՝ 99-րդ տարեդարձին առիթով։
Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Քիւրտ Քոխը յայտնեց` որ ԺոզԷֆ Ռացինկերի (Պենետիկտոս ԺԶ) ծննդեան տարեդարձը կը ստանայ խոր աստուածաբանական իմաստ՝ անքակտելիօրէն միահիւսուելով Աւագ Շաբթուան խորհուրդին հետ։
Ան ապա ընդգծեց թէ ինչպէս Ռացինկերի կեանքը յատկանշուած եղաւ եզակի զուգադիպութեամբ մը. մկրտութիւնը տեղի ունեցած է անոր ծննդեան նոյն օրը՝ 16 Ապրիլ 1927-ին։ Ռացինկերի համար այս իրադարձութիւնը կը ներկայացնէ «քրիստոնէական կեանքի խորհուրդը», ուր բնական ծնունդն ու մկրտութեան վերածնունդը կը ձուլուին իրարու։
Այս երկուութիւնը զայն մղեցին ինքզինք սահմանելու որպէս երկու ընտանիքներու անդամ՝ բնական ընտանիքին եւ «Աստուծոյ մեծ ընտանիքին»։
Այսպիսով, անոր կերպարը կը յայտնուի որպէս "homo festivus" (տօնող մարդ)՝ երախտագէտ անձ մը, որ կեանքը կ'ընդունի որպէս ստացուած ու նուիրուած պարգեւ՝ գոյութիւնը վերածելով շնորհակալական աղօթքի, նշեց ի միջի այլոց Կարդինալ Քոխը իր քարոզին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ