Ոչ եւս է Կարդինալ Ժան-Պափթիսթ Ֆամ Մին Մանը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
22 Մարտ 2026-ին Վիեթնամի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Կարդինալ Ժան-Պափթիսթ Ֆամ Մին Մանը, 92 տարեկանին։ Ան եղած էր Հօ Չի Մին քաղաքի երբեմնի արքեպիսկոպոսը։ Ծնած էր 1934-ին եւ քահանայ ձեռնադրուած՝ 1965-ին։
Հանգուցեալ Ծիրանաւորը իր ծառայութիւնը կատարած է դժուար պայմաններու մէջ՝ համայնավար վարչակարգի եւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ սահմանափակումներու պայմաններուն տակ՝ ջանալով պահպանել հոգեւոր կրթութիւնն ու հովուական գործունէութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս աւարտելէ ետք իր ուսումները ան 1993-ին նշանակուեցաւ եպիսկոպոս ապա 1998-ին Հօ Չի Մին քաղաքի արքեպիսկոպոս։
2003-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. զայն ստեղծեց Կարդինալ որուն բերումով ան առիթը ունեցաւ մասնակցելու 2005 ի եւ 2013-ի Կարդինալական Պապընտիր Ժողովներուն։
Իր ծառայութեան ընթացքին ան խթանեց կարեւոր նախաձեռնութիւններ, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի նոր թարգմանութիւնը վիեթնամերէն լեզուով եւ ծրագիրներ՝ կոչումներու եւ գաղթականներու համար։
Ան թոշակի անցաւ 2014-ին։ Յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ մարտ 27-ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ